ազրպէյճանական Անցակէտը Հանելու Պահանջով՝ Խաղաղ Ցոյց Արցախը Հայաստանին Կապող Ճանապարհին Վրայ

Աշխարհ, Հայաստան

«Ո’Չ Արցախի Հանրապետութեան ցեղական զտման» նախաձեռնող խումբը խաղաղ ցոյց կազմակերպած է Արցախը Հայաստանին կապող ճանապարհին վրայ: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է շարժման նախաձեռնող խումբի անդամ Դաւիթ Բաղրեան։

««Ո’Չ Արցախի Հանրապետութեան ցեղական զտման» նախաձեռնող խումբը խաղաղ ցոյց կազմակերպած է Արցախը Հայաստանին կապող ճանապարհին վրայ: Մենք ցոյցը սկսած ենք այս առաւօտ եւ պիտի շարունակենք անժամկէտ: Մենք ունինք յստակ պահանջ՝ հանել անցակէտը»,- գրած է ան: