
ԱՄՆ-ի Մէջ Արցախի Հանրապետութեան ՄՆ Ռոպերթ Աւետիսեանը Մասնակցած է Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Շարք Մը Ձեռնարկներու
Արցախի Հանրապետութեան ԱԳՆ-ն տարածած է հաղորդագրութիւն, որուն համաձայն՝ ԱՄՆ-ի մէջ ԱՀ մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը մասնակցած է Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած շարք մը ձեռնարկներու.
Ապրիլ 19-24 ԱՄՆ-ի մէջ ԱՀ մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը մասնակցած է Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին նուիրուած շարք մը ձեռնարկներու ԱՄՆ Կոնկրեսին մէջ, Մասաչուսեթսի նահանգային խորհրդարանին, ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպանատան մէջ, Նիւ Եորքի Թայմս Սքուէր հրապարակին վրայ։
Մշտական ներկայացուցիչը իր ելոյթներուն մէջ երախտագիտութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներուն եւ բոլոր այն երկիրներուն, որոնք հայ ժողովուրդին համար այդ ծանր տարիներուն դիւանագիտութեան եւ մարդկայնական ծրագիրներուն միջոցով փրկած են բազմաթիւ կեանքեր։
ԱՄՆ-ի մէջ ԱՀ ՄՆ-ն նշած է, որ ցեղասպանութեան չարիքը առկայ է նաեւ 21-րդ դարուն, որուն վառ դրսեւորումն է 2020 թուականին Թուրքիոյ եւ Մերձաւոր Արեւելքի ահաբեկչական կազմակերպութիւններու աջակցութեամբ ազրպէյճանի կողմէ Արցախի նորաստեղծ ժողովրդավարութեան դէմ սանձազերծուած լայնածաւալ պատերազմը, որ կ՝ուղեկցուէր միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպտագոյն խախտումներով եւ ռազմական յանցագործութիւններով։
Ռոպերթ Աւետիսեան անդրադարձած է նաեւ ազրպէյճանի կողմէ Արցախի բնակչութեան դէմ վարուող ահաբեկչական քաղաքականութեան, մասնաւորապէս՝ Արցախի՝ շուրջ հինգ ամիս շարունակուող շրջափակման, Հայաստանէն Արցախ մատակարարուող կազի եւ ելեկտրականութեան խափանումներուն եւ այլն։
«Արցախի շրջափակումը յստակ ցեղասպանական նպատակ ունի․ կազմակերպիչները կ՝ուզեն, որ Արցախի բնիկ հայերը կանգնին երկընտրանքի առջեւ՝ կա՛մ լքել իրենց պատմական հայրենիքը, կամ մնալ ու մեռնիլ սովէն, ցուրտէն ու հիւանդութիւններէն»,- նշած է Ռոպերթ Աւետիսեան։
Այս ծիրէն ներս Ռոպերթ Աւետիսեանը կարեւոր համարած է միջազգային հանրութեան համարժէք գործողութիւնները՝ ուղղուած նոր ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման։
«Հայոց Ցեղասպանութիւնը սկսած է 1915 թուականին, սակայն, դժբախտաբար, անիկա չէ աւարտած։ Մենք պէտք է միասին պայքարինք անոր դէմ: Աշխարհաքաղաքական կամ մերկանտիլ շահերը տեղ չունին, երբ խօսքը կը վերաբերի մարդու հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան ցեղասպանութիւններէն, ֆաշիզմէն կամ յարձակողական ծաւալապաշտութենէն»,- յայտարարած է մշտական ներկայացուցիչը։
Ձեռնարկներու տեսանիւթերուն յղումները․
Քոնկրես՝ https://www.youtube.com/watch?v=6ondcrzmDa4
Մասաչուէթս՝ https://malegislature.gov/Events/SpecialEvents/Detail/407
Նիւ Եորք՝ https://www.youtube.com/watch?v=396EpvZlgNg
Դեսպանութիւն՝ https://www.youtube.com/watch?v=WT3bPL9Sfy8