Գերմանիոյ Խորհրդարանի Պատգամաւորը Նոյեմբեր 9-ի Յայտարարութեան Խախտում կը Համարէ ազրպէյճանի Կողմէ Անցակէտի Տեղակայումը Բերձորի Միջանցքին Վրայ

Աշխարհ, Հայաստան

Գերմանիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Միխայիլ Ռոտը գրած է, որ ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքին վրայ անցակէտի տեղադրումը 2020 թուականի հրադադարի յայտարարութեան խախտում է։

«ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղ տանող միակ ճանապարհին վրայ անցակէտի տեղադրումը 2020 թուականի հրադադարի համաձայնութեան խախտում է։ ԵՄ-ն ու ԱՄՆ-ն պէտք է աւելին ընեն տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան համար»,- Twitter-ի իր էջին վրայ գրած է Ռոտը։