Հայկական եւ ազրպէյճանական Նոր Դիրքերուն Հեռաւորութիւնը 15 Մեթր է․ Hetq.am

Աշխարհ, Հայաստան

Խախտելով երկկողմ պայմանաւորուածութիւնը՝ երէկ գիշերունէ (Մարտ 29) ազրպէյճանական կողմը հայկական Տեղ գիւղի մօտակայքը տեղակայուած է նոր դիրքերու վրայ:

Ըստ Հայասատանի եւ ազրպէյճանի միջեւ երկկողմ պայմանաւորուածութեան, այս տարուան Ապրիլ 1-ին Տեղ եւ Աղաւնոյ գիւղերուն միջնամասը պէտք է սկսէին զուգահեռ նոր դիրքերու տեղակայման աշխատանքներ, բայց ազրպէյճանական կողմը անցեաք գիշերունէ զբաղցուցած է բարենպաստ դիրքեր եւ սկսած է ճարտարագիտական աշխատանքներ։

Այսօր, Մարտ 30-ին, հայկական զինուժը տեղակայուած է նոր դիրքերու վրայ եւ սկսած է ճարտարագիտական աշխատանքներ ազրպէյճանական դիրքերուն զուգահեռ։ Այս մասին զրոյցի ընթացքին պատմեց դիրքերու ճարտարագիտական աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած գիւղացիներէն մէկը։

Ըստ Hetq.am-ի զրուցակիցին՝ նոր դիրքերը Տեղ գիւղէն Ստեփանակերտ տանող ճանապարհին գտնուող նախկին հայկական անցակէտին մօտակայքն են։ «Ճանապարհի մէկ կողմը մենք ենք, միւս՝ ազրպէյճանցիները, երկու կողմն ալ սարքեր բերուած են, կ՝ընթանան դիրքաշինական աշխատանքներ, դիրքերը իրարմէ 10-15 մեթր հեռաւորութեան վրայ են»,- ըսաւ մեր զրուցակիցը։

«ՀԵՏՔ»