Դաշնակցական Մտաւորական Վազգէն Էթիեմեզեանի Ծննդեան 80-Ամեակի Նշում Եւ «Շաբթուան Մտածումը» Գիրքի Շնորհահանդէս Պէյրութի Մէջ

Սփիւռք

Չորեքշաբթի, 29 Մարտ 2023-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Դաստիարակչական յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ յիշատակի երեկոյ` դաշնակցական մտաւորական գործիչ Վազգէն Էթիեմեզեանի ծննդեան 80-ամեակին առիթով:

Բացման խօսքը արտասանեց Տօնիկ Տօնապետեան, ցուցադրուեցաւ Վազգէն Էթիեմեզեանի կենսագրութիւնը ներկայացնող տեսերիզ, Սեւակ Քենտիրճեան կարդաց Էթիեմեզեանի յօդուածներէն մէկը, գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ներկայացուեցաւ նոր լոյս տեսած «Շաբթուան մտածումը» գիրքը: Վիգէն Աւագեան ներկայացուց Վազգէն Էթիեմեզեանի մտաւորական վաստակը: Օրուան բանախօսն էր Կարօ Յովհաննէսեան: Ներկայացուեցան վկայութիւններ: Կատարուեցաւ գիրքի շնորհահանդէս:

Ձեռնարկին աւելի մանրամասն կ՛անդրադառնանք հետագային:

«ԱԶԴԱԿ»