ԱՄՆ Պետ․ Բաժանմունքը Զեկոյցով Անդրադարձած է ազրպէյճնական Զինուժի Վայրագութիւններուն Հայաստանի Դէմ Յարձակումներուն Ընթացքին

Աշխարհ, Հայաստան

ԱՄՆ պետական քարտուղարութիւնը հրապարակած է Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու իրավիճակին վերաբերեալ զեկոյց, որուն մէջ մանրամասն անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի դէմ սեպտեմբերեան յարձակման ընթացքին ազրպէյճանցի զինծառայողներուն կատարած վայրագութիւններուն։ 

Զեկոյցին մէջ կը նշուի հաղորդումներուն մասին, որ սեպտեմբերեան հակամարտութեան ընթացքին ազրպէյճանական ուժերը իրագործած են անօրինական սպանութիւններ, դաժան եւ անմարդկային վերաբերմունքի ենթարկած են հայ զինուորականները: Նշուած է, որ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն ուսումնասիրած է ազրպէյճանի հետ հակամարտութեան հետեւանքով անհետ կորսուած անձերուն դէպքերը: Կը նշուի, որ 2020թ.-ի աշնան պատերազմէն ետք 203 մարդ (ներառեալ՝ 20 քաղաքացիական անձ) կը համարուի անհետ կորսուած, իսկ Սեպտեմբեր 13-14-ի հակամարտութեան հետեւանքով անհետ կորուած կը համարուի 3 զինուորական: ԱՄՆ պետական քարտուղարութիւնը կ՝անդրադառնայ նաեւ ազրպէյճանցի զինծառայողներուն կողմէ 7 հայ զինծառայողներու անօրինական մահապատիժին, որ, Human Rights Watch հասարակական կազմակերպութեան եւ Bellingcat-ի հետաքննող լրագրողներու հաւաստիացումով, նկարահանուած է 2022թ.-ի Սեպտեմբերի կէսերուն: Զեկոյցը նաեւ կը յիշատակէ սեպտեմբերեան հակամարտութեան ընթացքին հայ կին զինծառայողներու մարմիններուն հանդէպ անմարդկային վերաբերմունքի դէպքերը, ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու հարուածները, շտապ օգնութեան մեքենաներուն թիրախաւորումը: Ներկայացուած են նաեւ Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտման, ներառեալ՝ անվտանգութեան ուժերուն կողմէ ուժի կիրառման, բանտերու մէջ առկայ վատ պայմաններուն, կամայական ձերբակալութիւններուն, խօսքի ազատութեան սահմանափակումներու դէպքեր:

Ամբողջական զեկոյցը կրնաք կարդալ այստեղ: