Christian Post Պարբերականը՝ Արցախի Շրջափակման Մասին
ազրպէյճան կը շարունակէ փակ պահել Արցախը արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհը՝ հակառակ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշման: Ըստ Armenpress.am-ի՝ Բերձորի միջանցքի արգելափակման պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկայնական ծանր իրավիճակը կը մատնանշէ Christian Post պարբերականը։
Christian Post-ը կ՝անդրադառնայ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշման, որմով ազրպէյճանը կը պարտաւորուի միջոցներ ձեռնարկել՝ երաշխաւորելու Բերձորի միջանցքով քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու անխափան տեղաշարժը երկու ուղղութիւններով:
Պարբերականը կը ներկայացնէ CBN News-ի հարցազրոյցը արցախցի Գայեանէ Բեգլարեանի հետ, որուն 4-ամեայ դուստրը ունի լիարդի քաղցկեղ: Արցախի մէջ հերթական բուժման հնարաւորութիւն չունենալու պատճառով՝ ընտանիքը Կարմիր խաչի միջնորդութեամբ տեղափոխուած է Երեւան: Սակայն, տարբեր հիւանդութիւններ ունեցող բազմաթիւ արցախահայեր դեռ կը շարունակեն զրկուած մնալ անհրաժեշտ բուժօգնութենէն:
Յօդուածին հեղինակը կը ներկայացնէ միջազգային հանրութեան արձագանգը շրջափակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին առնչութեամբ:
Պարբերականը կը հիշեցնէ, որ Փետրուար 20-ին Միացեալ Թագաւորութեան Լորտերու պալատի անդամ, պարոնուհի Քերոլայն Քոքսը CBN News-ի եթերով յայտնած էր, որ Արցախի մէջ իրավիճակը չափազանց լուրջ է, կայ ցեղասպանութեան վտանգ:
«Ասիկա կրնայ ըլլայ ցեղասպանութեան հերթական փուլ, քրիստոնեաներու ոչնչացում, քրիստոնեայ ժառանգութեան ոչնչացում»,- ըսած էր Քերոլայն Քոքսը:
Պարբերականը կը յիշեցնէ, որ Յունուարին «Միջազգային քրիստոնէական համերաշխութիւն» կազմակերպութեան նախագահ Ճոն Էյպնըրը եւ պարոնուհի Քոքսը նամակ յղած էին ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընին՝ յորդորելով գործողութիւններ ձեռնարկել՝ կանխելու հայերու դէմ եւս մէկ ցեղասպանութիւնը:
Այնուհետեւ Christian Post-ը կ՝անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան, Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ երկարամեայ հակամարտութեան, 2016 թ.-ի ապրիլեան պատերազմին, 2020 թ.-ի 44-օրեայ պատերազմին, որուն աւարտին կնքուած հրադադարը, սակայն, չէ յանգեցուցած լարուածութեան դադրեցման:
