Փետրուար 23-ին Արցախի Բոլոր Մանկապարտէզները Պիտի Վերսկսին Ուսումնադաստիարակչական Գործընթացը

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ Փետրուար 23-ին Արցախի Հանրապետութեան մէջ գործող բոլոր նախադպրոցական ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ (մանկապարտէզներ) պիտի վերսկսին ուսումնադաստիարակչական գործընթացը:

Հանրակրթական դպրոցներու նախադպրոցական խումբերու համապատասխան վարչաձեւի վերականգնման եւ երկարօրեայ ծրագրերու վերսկսման վերաբերեալ պիտի տրուի լրացուցիչ տեղեկատւութիւն: