Իրաւունքը Մեր Կողմն է, Մենք Կրնանք Ցոյց Տալ՝ Մեր Պահանջները Արդարացի Են․ Վարդանեանը՝ Հաագայի Դատարանի Որոշման Մասին

Աշխարհ, Հայաստան

Ինչպէս յաճախ նշած եմ իմ հանրային ելոյթներուն ընթացքին՝ իրաւունքը մեր կողմն է, եւ մենք կրնանք տարբեր մեքենականութիւններու օգնութեամբ ցոյց տալ, որ մեր պահանջները արդարացի են, եւ միջազգային իրաւական գործիքակազմը կարեւոր է այդ ճանապարհին։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան՝ անդրադառնալով Հաագայի դատարանի որոշման՝ որ պարտաւորեցուցած է ազրպէյճանը ապահովելու Լաչինի միջանցքով անխափան տեղաշարժը՝ 2 ուղղութիւններով:

«Քիչ առաջ Արդարադատութեան միջազգային դատարանը որոշում ընդունեց Հայաստանի կողմէ ներկայացուած՝ «Լաչինի միջանցք»-ի ապաշրջափակման վերաբերեալ ժամանակաւոր միջոց կիրառելու պահանջին մասին։

ազրպէյճանը պարտաոոր է կիրառելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցները Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Լեռնային Ղարաբաղը կապող միջանցքով բոլոր մարդոց, փոքադրամիջոցներու եւ բեռներու անխափան ու ազատ տեղաշարժը ապահովելու համար։

Ինչպէս յաճախ նշած եմ իմ հանրային ելոյթներուն ընթացքին՝ իրաւունքը մեր կողմն է, եւ մենք կրնանք տարբեր մեքենականութիւններու օգնութեամբ ցոյց տալ, որ մեր պահանջները արդարացի են, եւ միջազգային իրաւական գործիքակազմը կարեւոր է այդ ճանապարհին։

Երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ միջազգային իրաւական հարցերով ՀՀ ներկայացուցիչին, ամբողջ խումբին, այն բոլոր մարդոց, որոնք հսկայական աշխատանք կատարած են արցախահայութեան արդարացի պահանջը փաստարկուած տեղ հասցնելուն ուղղութեամբ»,- գրած է ան:

Յիշեցնենք, որ Արդարադատութեան միջազգային դատարանը Հայաստանը ընդդէմ ազրպէյճանի ներկայացուցած հայցով որոշած է, որ ազրպէյճանը պարտաւոր է նախքան գործով վերջնական որոշման կայացումը, համաձայնագրով  իր ստանձնած պարտաւորութիւններուն համաձայն, ձեռնարկելու իրմէ կախուած  բոլոր միջոցները, որպէսզի ապահովէ մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու անխափան տեղաշարժը Բերձորի (Լաչին) միջանցքին երկու ուղղութիւններով: