Emmy-ի Մրցանակակիր Արաքսեայ Կարապետեանը Անդրադարձած է Լոս Անճելըսի Մէջ Տարածուած Հակահայ Բովանդակութեամբ Թռուցիկներուն
Ամերիկեան Fox 11 հեռուստաալիքի հաղորդավարուհի, Emmy-ի մրցանակակիր Արաքսեայ Կարապետեանը անդրադարձած է Լոս Անճելըսի մէջ փակցուած թռուցիկներուն, որոնց վրայ գրուած են հայատեաց խօսքեր։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Tert.am-էն։
«ազրպէյճան + թուրքիա + փաքիստան + իսրայէլ = Աստուծոյ կամքով Հայաստանը աշխարհի երեսէն վերացնելուն»,- գրուած է թուղթերուն վրայ։
Հաղորդավարուհին այս մասին խօսած է իր «Good Day LA» ծրագիրին ծիրէն ներս եւ տեղեկատւութիւն հրապարակած է իր instagram-ի էջին վրայ՝ անոր կից գրելով․
«Դատապարտելով «Հայաստանը աշխարհի երեսէն ջնջելու» ատելութեան խօսքը.
Հանգստեան օրերուն հայ համայնքը համախմբուած էր՝ իրազեկելու Արցախի մէջ մարդկայնական ճգնաժամին մասին։ Այդ ընթացքին Պէվըրլի Հիլզի լուսացոյցերուն վրայ փակցուած են հակահայ բովանդակութեամբ թռուցիկներ։ Ոստիկանութիւնը կ՝ուսումնասիրէ տեսագրութիւնները՝ իրագործողները պատասխանատւութեան ենթարկելու համար»։
