Կը Վերականգնի՞նք Առանց Իրաւ Ինքնաքննադատութեան․ Յակոբ Պալեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Մենք պէտք է սորվինք որպէս եղբայրներ միասին ապրիլ, ապա թէ ոչ միասնաբար մեռնիլ՝ տխմարներու պէս»։

Մարթին Լութըր Քինկ

            Իրատեսութեամբ կ’արժեւորե՞նք, երբեւիցէ արժեւորա՞ծ ենք, մեր ազգի եւ հայրենիքի կացութիւնը, պահ մը կանգ առնելով եւ փորձելով մեր մէջ փնտռել մեր թերացումները, թերիները, մեղանչումները, նահանջներու եւ պարտութիւններու պատճառները, իրաւ հաւատացեալի պէս խոստովանութիւն ընելով, ճշդել՝ թէ ո՞ւր, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս ձախողած ենք եւ կը ձախողինք: Այս ընել առանց կանխաւ ինքնարդարացման ճապկումներու, մեզմէ դուրս յանցաւորներ փնտռելու,եւ  գտնել կարծելով՝ չքմեղանալու: Երբեւիցէ անանձնական ողջախոհութեամբ փորձա՞ծ ենք նահանջները կասեցնել նախքան որ անոնք վերածուին աղէտի եւ պարտութեան:

            Ազգի եւ Հայրենիքի կացութիւնը, յուզական խօսքերով միամիտներուն որպէս բալասան ծախելու սովորութիւն ունեցողները, մեղրածորան խօսքերու դատարկաբանները, ամէն բան լսելու եւ ծափահարելու պատրաստ հաւատացեալներու ականջները կրնան շոյել, պայծառ ապագայի հանդէպ լաւատեսութիւն ներշնչելով:

            Եթէ Հայաստանի Հանրապետութիւն, սփիւռքներ, քաղաքական ամէն բնոյթի եւ չափի ղեկավարներ,- այնքա՜ն բազմաթիւ են անոնք,- եւ կազմակերպութիւններ, նոյնքան բազմաթիւ, անկեղծութեան եւ իրատեսութեան պահու մը, փորձէին տեսնել եւ խոստովանիլ իրենց թերացումները եւ սխալները, փոխանակ ինքնարդարացում փնտռելու իրենցմէ դուրս, թերեւս կ’առնէինք վերականգնումի առաջին քայլը: Ամէնքս ալ կը տեսնենք որ ազգային անբուժելի ախտ է պառակտումը, մէկս միւսին համար դառնալով ներքին թշնամի, սակայն ոչ ոք կ’ուզէ խոստովանիլ որ ինք ալ վարակուած է այդ ախտով:

            Թերեւս պէտք է սկսիլ հարց տալով, ո՞ւր ենք ժամանակի գիծին վրայ, մեր մտածելակերպով եւ կազմակերպութեամբ: ԺԹ․ դարը կամ նոյնիսկ Ի․ դա՞րը կը շարունակենք, առանց անդրադառնալու եւ խոստովանելու, որ հին պատեանի մէջ մնացած ենք, Պոլսոյ ամիրայական հոգեբանութիւնը կամ խորհրդային-սովետական բարքերը յաւերժացնելով, առաջինի պարագային՝ աղայական, Յակոբ Պարոնեանի Աբիսողոմներու պատկերով, երկրորդի պարագային Ստալինի անսխալականութեան հոգեբանութեամբ, որ իրմէ դուրս կը տեսնէ միայն թշնամիներ՝ ինքզինք արդարացնելու եւ պահելու համար: Մինչ այդ յառաջդիմութեան եւ արդիականութեան գնացքները եկած եւ գացած են, մեզ դատապարտելով հրաշքներու սպասման, կամ՝ տէրերու, որոնք մեր կեանքը պիտի տնօրինեն :

            Եթէ միայն ունենայինք քաղաքացիական եւ ազգ ըլլալու  գիտակից հանրութիւն, օժտուած հաւաքականի ըմբռնումով, արժէքները ջոկելու իմաստութեամբ, ներսը եւ դուրսը յանդուգն եւ իրատես մտաւորականութիւն, հարց տուած կ’ըլլայինք «աբիսողոմ»-ներուն եւ «մարաջախտի» ուսադիրներով զարդարուածներուն, թէ ի՞նչ ըրած են եւ կ’ընեն հոն ուր որ են, ինչպէս Հայաստան կ’ըսեն՝ իրենց զբաղեցուցած դիրքերուն վրայ: Եթէ լուսաւորուած հանրութիւն ըլլայինք, քաղաքականութեան եւ ղեկավարութեան դերակատարներէն կը պահանջէինք պատմութեան եւ ազգի մշակութային ենթահողէն յառաջացած խորք, ըստ այդ խորքի հաւատարմութեան կը յայտնէինք վսահութիւն, մենք մեզ կը չէինք յանձներ  շաբաթավերջի նուագածուներու փող-թմբուկի աղմուկ-իրարանցումի խմբավարներուն, զորս շփոթած ենք եւ կը շարունակենք շփոթել առաջնորդներու հետ:

            Դիրքեր զբաղեցնողերուն համար ազգը եւ հայրենիքը էական չեն, այլ էական են նիւթը եւ փառքը, աւելի ճիշդ՝ բեմական լոյսերու սնափառութիւնը: Շատեր ծիծաղելի ըլլալու-չըլլալու սահմանը անգամ չեն գիտեր, կը գինովնան իրենց անձի անկարեւոր կարեւորութեամբ, գունաւոր լուսանկարի մը առթած կրկներեւոյթով, միրաժով: Զանգուածն ալ, եթէ դեռ կայ, չի տեսներ եւ չի հասկնար, որ բեմ բարձրանալով եւ ճառ խօսելով ղեկավարութեան տիրանալու որսորդներու խօսքը վարձու առնուած է, օրինակ, բանաստեղծի մասին, ուրիշի գրածը որպէս գրաւական ցուցադրողները, հայերէն խօսելով միամիտներ տպաւորելու համար լատինատառ հայերէն ճառ խօսողները, որոնք ամբոխացածներու միամտութիւնը եւ անգիտութիւնը կը չարաշահեն, եւ ամբարտաւանութեամբ կ’ըսեն, որ նախագահներն ալ իրենց գրիչները ունին… Իսկ նոյն միամտացած ամբոխը կը ծափահարէ եւ հիացումով կ’ըսէ, որ այս կամ այն բեմի վրայ գտնուողը ինքզինք գերազանցեց… Եւ ինքզինք գերազանցողը չի խպնիր, կը հաւատայ շռայլուած խօսքին: Արդէն խպնելու մասին օր մը այդ բեմական որսորդներէն մէկը ըսաւ, որ խպնիլ եւ ամչնալ ծալած եւ վրան նստած է:

            Մինչեւ այն ատեն, որ հարազատ մտաւորականութիւնը շեշտակի քննադատութեամբ հրապարակ չի գար, նահանջներու եւ պարտութիւներու մասին յստակութեամբ չի խօսիր, առանց վարանելու հասցէագրելով իր խօսքը, դիմակները չպատրուին, նահանջ եւ պարտութիւն պիտի շարունակուին ներսը եւ դուրսը: Ժողովրդական իմաստութիւնը հարց պիտի տա՞յ մինչեւ ե՞րբ եւ մինչեւ ո՞ւր:

Դեռ ոչ ոք ինքզինք եւ մեզ որպէս հաւաքականութիւն քննադատելով, չըսաւ, որ Արցախը կորսնցուցինք, քանի որ այդ Հայրենիքի ազատագրուած տարածքը չբնակեցուցինք:

Այսինքն տէր չեղանք անոր: Երբ գիտենք, որ Հողը տէր կ’ուզէ: Եւ տէր չեղանք: Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սիւռք(ներ)ի մէջ օր-աւուր աճած եւ աճող «հայրենասիրական» երգերը բնակեցման կենդանի քաղաքականութիւն չեղան եւ չեն: Խրախճանքի սեղաններու զարդարանքէն աւելի չեն եւ չեղան: Բացայայտ հետեւանքը եղաւ, եւ կը շարունակէ ըլլալ, աղէտ-արտագաղթը, որ կ’աճեցնէ հայրենահանուածներու կողքին արտագաղթողներու նոր սփիւռքը, որ հայրենիք ունենալու եւ պահելու հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունի: Արցախի հայութեան իր հայրենիքին հետ առնչութիւնը մերժող Իլհամ Ալիեւ արդէն կը յայտարարէ, որ Հայաստանը, ոչ աւելի եւ ոչ պակաս, Արեւմտեան Ազրպէյճան է: Այս կրկնելով, բարձրաձայնելով, Ալիեւ միջազգային հանրային հարծիքը եւ ատրպէյճանցիները կը նախապատրատէ տարածքներ գրաւելու նոր նախանարձակումներու, եւ անոնց դիւրին թիրախները կ’ըլլան անբնակ տարածքները:

Այսօր ճշմարիտ ազգային քաղաքականութիւնը բնակեցումն է, երէկ ալ պէտք էր ըլլար, ազգային հաւաքական յանձնառութեամբ, ոչ Եւրոպայի եւ կամ մոլորակի այս կամ այն երկրին մէջ նոր գաղութներ ստեղծելով, Հանրապետութիւնը եւ այլ գաղութները լքողներով, որոնք ինքնահաստատման համար տօնախմբութիւններ եւ հանդէսներ կը կազմակերպեն: Հարց տուողներ կա՞ն, թէ ի՞նչ բանի կը ծառայեն այդ անվաղորդայն աղմկարարութիւնները:

            Բնակեցման արդիւնաւէտ քաղաքականութեան բացակայութեան պէտք է վերագրել Իլհամ Ալիւեւի յոխորտանքը, որ Ղարաբաղի հարց չկայ, այդ հարցը փակուած է: Եթէ շարունակելով իր յաղթականի քաղաքականութիւնը, Իլհամ Ալիեւ, միջազգային քաղաքական շրջանակներու մեղսակցութեամբ, եւ մեր անպատասխանատուութեամբ, յաջողի քաղաքական օրակարգ  դարձնել խորհրդային շրջանին Հայաստան բնակած ազերիներու իրաւունքի խնդիրը, պահանջելով որ անոնք վերադառնան իրենց նախկին բնակավայրերը, քարտէսներ հնարելով «Արեւմտեան Ազրպէյճան»ի համար, զանոնք ներկայացնելով որպէս հիմնաւորումներ արդարացնելու համար նոր նախայարձակումներ, կրկին պիտի գտնուինք նոր բանակցութիւններու եւ նոր պարտութեան դիմաց: Իսկ յիշեցնելու կարիք կա՞յ, որ Ալիեւի համար Հայաստանը Արեւմտեան Ատրպէյճան է:

            Հայ քաղաքական միտքը, եթէ ան չէ ամլացած, եթէ որպէս հայութիւն ներկայացող եւ տեւող զանգուածները, չհասկնան, որ այսօր հայ ազգային քաղաքականութեան համար առանցքային ԽՆԴԻՐ է ԲՆԱԿԵՑՈՒՄը, երէկ ալ եղած պէտք է ըլլար, քաղաքական գիտակցութիւն յառաջացնելով դեռ երկրին մէջ գտնուողին, արտագաղթողին եւ արտագաղթածին, նաեւ հայրենահանուած-սփիւռքացած հայերուն մէջ այն ազգային անսեթեւեթ քաղաքական գիտակցութիւնը, որ պէտք է ըլլայ հայրենասէրի յանձնառութիւն, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ապագայ չունի առանց բնակեցման քաղաքականութեան իրականացման: Այս հիմնական հեռանկարային քաղաքականութիւն է, որ կը պահանջէ բարձրամակարդակ գիտակցութիւն, ե՛ւ տեղւոյն վրայ ապրողին ե՛ւ բազմագոյն սփիւռքներուն համար, որոնք պէտք է քաջութիւն դրսեւորում ցուցաբերեն իրենց ձեռք բերած համարկումներէն հրաժարելու, յաղթահարելու պատմութեան չարիքները խորքային հայրենատիրութեամբ, որ ո՛չ տուրիզմ է, ո՛չ հայրենասիրական շատախօսութիւն, ո՛չ ալ մոլորակի այս կամ կէտին վրայ, ոստանին մէջ, պատմութեան, իրաւունքի եւ ինքնութեան չառնչուող շաբաթավերջի սովորական դարձած յուշերու մատեաններ քրքրելու նմանող աղմկարարութիւն:

            Քանի դեռ ուշ չէ, Հիմնադրամը կրնայ մաս առ մաս իրականացնել հայրենադարձութեամբ ծրագրուած բնակեցում: Հանրապետութեան իշխանութիւնները, մայրաքաղաքէն մինչեւ միւս քաղաքները եւ գիւղերը, կրնա՞ն եւ պիտի ուզե՞ն հայրենադարձութիւնը իրականացնելու եւ դիւրացնելու օրէնքներ ընդունիլ եւ նախաձեռնութիւններ ունենալ, Հանրապետութեան տարածքի բնակեցման համար, իմաստութեամբ խնայելով Երեւանի անհարկի աճը, որուն հետեւանքը ապագային կրնայ պատճառ ըլլալ նոր գաղթերու:

            Բացի անհետեւանք ճառերէ եւ Երեւանի մեծութեան գովերգանքէն, ներսը եւ դուրսը ունի՞նք հայրենատիրական-բնակեցման քաղաքականութիւն եւ առաջադրանք:

            Իսկ բնակեցումը կ’ըլլայ յանձնառութեամբ եւ յանձնառութիւններու մէկ առ մէկ գումարումով, ո՛չ երգով ո՛չ թմբուկով, ո՛չ կրկնութիւն-դատարկաբանութիւններով: Այլ՝ ղեկավարական ծրագրումով:

            Իսկ ղեկավարութիւնները պէտք է գնահատել թիւերով. բնակեցման եւ հայրենադարձութեան իրենց բերած նպաստով, որ ՃՇՄԱՐԻՏ ԱԶԳԱՅԻՆ  ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ է, ԻՍԿԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾ, որ վերջ կու տայ «դուք հոն մենք հոս»ի արդէն դար տեւած պարտուողական  քաղականութեան:

            Կը լսե՞նք անցեալ դարու պայքարող իմաստուն Մարթին Լութէր Քինկի  պատգամը, թէեւ ըսուած ուրիշներու համար, բայց այնքա՜ն պատշաճ նաեւ մեզի. «Մենք պէտք է սորվինք որպէս եղբայրներ միասին ապրիլ, ապա թէ ոչ միասնաբար մեռնիլ՝ տխմարներու պէս»:

Հայրենադարձութիւն-բնակեցումը ազգին ապագայակերտ քաղաքականութիւնն  է, զոր իրականացնելու նախապայմանը նաեւ այն խոր ըմբռնումն է, որ Սփիւռքը ո՛չ հայրենիք ո՛չ յաւերժական: