Դուն Չես Կրնար Փրկել Բնութիւնը՝ 120,000 Մարդու Արտօնութիւն Չտալով Սնուելու Կամ Բուժօգնութիւն Ստանալու. Փիեռ տ՛Արժան
Լաչինի միջանցքին վրայ հաւաքուած այսպես կոչուած «բնապահպան»-ները կը հնչեցնեն տարածքային ու ցեղական զտման կարգախօսներ՝ ըսելով «Ղարաբաղը ազրպէյճան է, եւ վերջ»։ Իսկ ասիկա կը նշանակէ, որ հայերը տեղ չունին ԼՂ-ի մէջ։ Ըստ «ԵՐԿԻՐ»-ի՝ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ, Հայաստանն ընդդէմ ազրպէյճանի գործով լսումներուն ժամանակ, ըսած է միջազգային իրաւունքի փորձագէտ, իրաւախորհրդատու Փիեռ տ՛Արժան։
«Եթէ անգամ այդ «ցուցարարներ»-ուն նպատակը իրապէս հանքերու գործունէութիւնը ըլլար, միեւնոնյն է՝ դուն չես կրնար փրկել բնութիւնը՝ 120,000 մարդու արտօնութիւն չտալով սնուելու կամ բուժօգնութիւն ստանալու։ ազրպէյճանի ծրագիրը տեսնելու համար պէտք է պատասխանել քանի մը հարցի՝ ինչո՞ւ փակած է Լաչինի միջանցքը, ինչո՞ւ ձմրան կիսուն»,- ըսած է միջազգային իրաւունքի փորձագէտը։
Փիեռ տ՛Արժան աւելցուցած է, որ ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանը այս պարագային պարտաւոր է գործելու եւ՝ անյապաղ։ Անոր խօսքով՝ եթէ հրատապ միջոցներ չկիրառուին ազրպէյճանի դէմ՝ շուտով ԼՂ-ի մէջ հայեր չեն մնար։
