Կանխեցէ´ք Հերթական Ցեղասպանութիւնը. Թիֆլիսի Մէջ Ցոյց՝ Ի Պաշտպանութիւն Շրջափակուած Արցախի (տեսանիւթ, լուսանկարներ)

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Վրաստանի Հայ Համայնք կազմակերպութեան երիտասարդական միութեան անդամները Վրաստանի մայրաքաղաքին մէջ ցոյց իրականացուցած են՝ ի պաշտպանութիւն շրջափակուած Արցախի։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԵՐԿԻՐ»-ը։

Ցոյցին ծիրէն ներս՝ Թիֆլիսի մէջ փակցուած է խոշոր պաստառ հետեւեալ գրութիւն-կոչով.

«120,000 մարդ, ներառեալ 30,000 երեխայ շրջափակման մէջ են:

Սնունդի եւ դեղորայքի խիստ պակաս կայ:

Կանխեցէ’ք հերթական ցեղասպանութիւնը»: