Ֆրանսայի Նախագահը Արա Թորանեանի եւ Մուրատ Փափազեանի Հետ Քննարկած է Լաչինի Միջանցքի Փակման Հետեւանքով Արցախի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակը

Աշխարհ, Հայաստան

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մագրոնը Յունուար 23-ին Ելիսէյեան պալատին մէջ ընդունած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Արա Թորանեանն ու Մուրատ Փափազեանը: Այս մասին կը տեղեկանանք Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի մամուլի ծառայութեան տարածած հաղորդագրութենէն:

Էմանուէլ Մագրոնն ու հայ համայնքի ներկայացուցիչները քննարկած են 2022 թուականի Դեկտեմբեր 12-էն Լաչինի միջանցքին փակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Անդրադարձ եղած է նաեւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան սպառնացող սպառնալիքներուն։

Արա Թորանեանն ու Մուրատ Փափազեանը ողջունած են Ֆրանսայի նախագահին կողմէ իրենց ցուցաբերած ուշադրութիւնը եւ յոյս յայտնած, որ Ֆրանսան առաւել կ՝աշխուժացնէ դերակատարումը Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան պաշտպանութեան գործին գծով: