Պլինքընը ալիեւին Կոչ Ըրած է Անյապաղ Ապաշրջափակելու Լաչինի Միջանցքը․ Պետական Բաժանմունք
ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն հեռախօսազրոյց ունեցած է ազրպէյճանի նախագահ իլհամ ալիեւի հետ։ Այս մասին ըսուած է ԱՄՆ պետական բաժանմունքին տարածած հաղորդագրութեան մէջ։
Պետական քարտուղարը ալիեւը յորդորած է «անյապաղ» ապաշրջափակել Լաչինի միջանցքը՝ առեւտրային ապրանքներուն շարժը վերականգնելու եւ մարդկայնական ճգնաժամի վտանգը նուազեցնելու համար։
«Պլինքըն ընդգծած է, որ Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին ծնած մարդկայնական ճգնաժամը կը խաթարէ Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հեռանկարները։ Ան յորդորած է նախագահ ալիեւը կրկնապատկելու ջանքերը Հայաստանի հետ երկկողմ խաղաղ բանակցութիւններուն համար»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
