«Մեղաւորը Քո ԴՆԹ-ն է». Շարժման Մասնակիցները՝ Փաշինեանին (լուսանկարներ, տեսանիւթ)

Հայաստան

ՀՀ կառավարութեան շէնքին դիմաց «Համախմբում» նախաձեռնութեան բողոքի ցոյցը մեկնարկեց մէկ վայրկեան լռութեամբ՝ ի յիշատակ Յունուար 19-ին Գեղարքունիքի Ազատ գիւղին մէջ զինուորներու կացարանի հրդեհին հետեւանքով զոհուած զինծառայողներուն։ Այս մասին կը հաղորդէ Panorama.am-ը։

Ցոյցին մասնակիցները իրենց ձեռքին ունէին «Առանց բանակ ապագայ չկայ», «Մեղաւորը քո ԴՆԹ-ն է» (ԴՆԹ-DNA), «Բանակը մեր ողնաշարն է», «Զուգահեռ իրականութիւններ» գրութիւններով ցուցապաստառներ, ինչպէս նաեւ անմեղ 15 զոհերուն լուսանկարները։

Յիշեցնենք, որ նիկոլ փաշինեանը Յունուար 21-ին Արագածոտնի մարզին մէջ մասնաւորապէս յայտարարած էր. «Տեղի ունեցած դէպքերուն արձագանգներէն որոշները ի ցոյց կը դնեն, որ մենք կարիք ունինք, բացի մակերեսին գտնուող փաստերէն, խորանալու եւ հասկնալ խնդիրները իրենց խորութեան մէջ: Իսկ խնդիրները իրականութեան մէջ ոչ թէ մակերեսին երեւցողներն են, այլ անոնք, որոնք կ՝արտայայտուին ամենատարբեր ոլորտներու մէջ, անոնք եթէ կարելի է ըսել, ԴՆԹ մակարդակի խնդիրներ են»։

«Մեր գնահատականն է. այս ողբերգութեան մեղաւորը եւ պատասխանատուն տէ ֆաքթօ վարչապետ նիկոլ փաշինեանն է, երկրորդ մեղաւորն ու պատասխանատուն տէ ֆաքթօ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը։ Կ՝ուզեմ մէջբերել ՀՀ Սահմնադրութեան յօդուած 155-էն. «Զինուած ուժերը կառավարութեան ենթակայութեան ներքոյ են»։ Հետեւապէս զինուած ուժերուն հետ կապուած տապալման, ան ալ նման նշանակալի տապալման պատասխանատուն կառավարութիւնն է՝ ի դէմս անոր ղեկավարի»,- ըսաւ նախաձեռնութեան համահիմնադիր, ԵՊՀ դասախօս Մենուա Սողոմոնեան։

Ան նշեց, ողբերգութեան իրական, խորքային պատճառը կապուած չէ հրդեհային անվտանգութեան կանոններու պահպանման հետ, ասիկա ընդամէնը վարկած է, որ շատ արագ շրջանառութեան մէջ դրած է նիկոլ փաշինեանը պատասխանատւութենէ խուսափելու եւ հանրային համապատասխան արձագանգ ստեղծելու համար։

Սողոմոնեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, բացի այդ փաշինեանը կ՝ուղղորդէ քննչական մարմինները՝ նախաքննութիւնը տանելով փաշինեանին ձեռնտու հունով։

Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով․