Երէկ Երեկոյեան Զօրամասի Կացարանին Մէջ Պենզին Չէ Եղած. Դասակի Հրամանատար

Հայաստան

Յունուար 19-ին, ժամը 01:30-ի սահմաններուն, Գեղարքունիքի մարզի Ազատ գիւղի տարածքին վրայ տեղակայուած ՀՀ ՊՆ N զօրամասի ինժեներասակրաւորային վաշտի կացարանին մէջ բռնկած հրդեհին հետեւանքով զոհուած է 15 զինծառայող, եւ կայ 7 վիրաւոր։

«Քիչ առաջ զոհուած զինծառայողներէն մէկուն հայրը այստեղ էր, ըսաւ՝ ո՞ւր է տղաս։ Անպատասխան հարց տուաւ, չկրցայ պատասխանել, ասիկա արդէն 6-րդ ծնողն էր։ Աստուած գիտէ՝ մնացեալը գալով ինչ հարց պիտի տայ»,- ըստ «ՀԵՏՔ»-ի, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է դասակի հրամանատարը։

Լրագրողը հարց տուած է՝ արդեօք իրականութեան կը համապատասխանէ՞ Կառավարութեան նիստին ընթացքին հնչած վարկածը, ըստ որուն՝ փորձ եղած է հինգ լիթրանոց ամանով պենզինը լեցնել վառարանի մէջ։

«Ատիկա միայն վարկած է, չեմ կրնար ըսել։ Զոհերուն թիւը շատ է, աւելի լաւ է՝ յստակ վարկածներով չխօսինք։ Ես ունիմ իմ առարկայական վարկածները, որոնք չեմ կրնար բարձրաձայնել»,- ըսած է դասակի հրամանատարը։

Լրագրողներէն մէկն ալ նշած է, որ քննադատութեան առիթ դարձած է այն, որ Գլխաւոր շտաբի պետը հրամայած է հակահրդեհային անվտանգութեան կանոնները պահպանել, սակայն ատիկա չէ պահպանուած։

«Բանակի տկարացումը, այսպէս ըսած, բառդակը բոլորէս կու գայ՝ Գլխաւոր շտաբի պետ, նախարար, վարչապետ, ասկէ ետք ինծի ինչ կ՝ուզեն թող ըսեն կամ ընեն, ատիկա ինծի ընդհանրապէս չի հետաքրքրեր, որովհետեւ երբ չես կրնար ծնողներուն պատասխան տալ, ատկէ վատ բան չկայ»,- պատասխանած է դասակի հրամանատարը։

-Բանակին մէջ տիրող բառդակի պատասխանատուները ովքե՞ր են,- հարց տուած է լրագրողը։

-Բոլորս,- հնչած է պատասխանը։

Դասակի հրամանատարը տրամաբանական չէ համարած 2-րդ բանակային բաժանմունքի հրամանատարը պաշտօնազրկելը՝ առանց քննութեան սպասելու։

«Պէտք է քննութիւնը մինչեւ վերջ տարուի, եւ մեղաւորները պատժուին օրէնքի ամբողջ խստութեամբ»,- ըսած է ան։

Ըստ անոր՝ զինուորները ջեռուցման համար ցախ, քարածուխ կ՝օգտագործեն, քանի որ գիւղին մէջ կազամատակարարում չկայ։

Դասակի հրամանատարին հարց տուած են՝ արդեօք երէկ երեկոյեան ներկայ եղա՞ծ է դէպքի վայրին մէջ, պենզին կամ այլ վառելիք եղա՞ծ է այնտեղ։

«Եղած եմ, չէ եղած, եթէ, օրինակ, ըլլար ալ, ես չէի թոյլ տար՝ հաշուի առնելով յետագայ վատ հետեւանքները, որ կրնար ըլլալ»,- յայտնած է ան։

Դասակի հրամանատարին խօսքով՝ վաշտի հրամանատարն ու ծառայութեան պետը այս պահուն ռազմական ոստիկանութեան մօտ են։ Պաշտպանութեան նախարարը դէպքի վայր չէ այցելած։

Լուսանկարը՝ shamshyan.com-ի