Արամ Ա․ Վերաշեշտեց Պատմութեան Այս Ճակատագրական Պահուն Համախմբուելու եւ Միասնական Ճիգով Արցախի Ինքնորոշման Իրաւունքը Պաշտպանելու Հրամայականը

Հայաստան, Սփիւռք

Երեքշաբթի, 17 Յունուար 2023-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան:

Դեսպանը վեհափառ հայրապետին պարզեց Հայաստանի ու Արցախի մէջ տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Բերձորի միջանցքին վերաբացման ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները:

Վեհափառ հայրապետը, իր կարգին, յայտնեց նոյն հարցին գծով իր հաստատած կապերը օտար շրջանակներու հետ եւ վերաշեշտեց մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան այս ճակատագրական պահուն համախմբուելու եւ միասնական ճիգով Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը պաշտպանելու հրամայականը: