Ըստ թուրքերու՝ Հայաստանը Սպառնալիք Կը Ներկայացնէ թուրքիոյ Համար. Հարցաշար
Հրապարակուած են սթամպուլի քատիր հաս համալսարանի փրոֆէսըր մուսթաֆա այտընի համակարգմամբ իրականացուած «թուրքիոյ միտումները» հետազօտութեան արդիւնքները։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով khas.edu.tr-ը։
2022թ․ Նոյեմբեր 3-Դեկտեմբեր 12, թուրքիոյ 26 նահանգի մէջ, 1000 մարդու մասնակցութեամբ իրականացուած հարցումներուն ընթացքին պարզուած է թուրքիոյ համար սպառնալիք ներկայացնող պետութիւններուն ցանկը։
Ըստ այդմ՝
1. Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ (ԱՄՆ) – 57.6%
2. Իսրայէլ – 55%
3. Սիրիա – 52.8%
4. Հայաստանի Հանրապետութիւն (ՀՀ) – 52.5%
Ի դէպ, Հայաստանը 2021թ. այդ ցանկին վրայ կը զբաղցնէր 1-ին հորիզոնականը (60.9%)։
«Ըստ ձեզի՝ թուրքիան պէ՞տք է ջանք գործադրէ թուարկուած երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար» հարցման ի պատասխան՝ պատասխանողներուն 60.2%-ը տուած է «ոչ» պատասխանը (2021-ին՝ 66.2%, 2020-ին՝ 71.3%, 2019-ին՝ 62.6%), իսկ 20.3%-ը՝ «այո» պատասխանը ( 2021-ին՝ 14.4%, 2020-ին՝ 9.5%, 2019-ին՝ 11.7%), 25․7%-ը նշած է, որ գաղափար չունի։
Հետազօտութեան ծիրէն ներս տրուած է նաեւ հետեւեալ հարցը․ «Ինչպէ՞ս կը վերաբերիք այս կամ այն ցեղախումբի ներկայացուցիչներուն հարեւան ըլլալու փաստին»։
Հարցուածներուն 35.1 տոկոսը նշած է, որ չի փափաքիր կամ միանշանակ չի փափաքիր հարեւան ըլլալ հայու հետ։ Անցանկալի հարեւաններու ցանկին երկրորդ տեղը յոյներն են (32.1%), երրորդը՝ արաբները (22.1%)։
