Եւրոխորհրդարանը ազրպէյճանէն Կը Պահանջէ Անյապաղ Վերականգնել Լաչինի Միջանցքով Տեղաշարժի Ազատութիւնը
Եւրոպական խորհրդարանի (ԵԽ) Յունուար 16-19 ընթացող լիագումար նստաշրջանին՝ Յունուար 18-ին կայացած քուէարկութեամբ, ընդունուեցաւ «Ընդհանուր արտաքին ու անվտանգային քաղաքականութեան իրականացում. 2022թ. տարեկան զեկոյց» (CFSP) բանաձեւը։
Ըստ Armenpress.am-ի՝ զեկուցողը ԵԽ Արտաքին յարաբերութիւններու կոմիտէի նախագահ Տէյվիտ Մքալիսթրն էր:
CFSP-ն արտաքին քաղաքական հարցերով ԵԽ տարեկան հիմնական զեկոյցն է եւ այնտեղ որեւէ ձեւակերպման համաձայնեցում ու ընդունում կը ձեւաւորուի ԵԽ միասնական քաղաքական գիծը:
Զեկոյցին մէջ նշուած է.
Խստօրէն կը դատապարտուի Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին հանդէպ ազրպէյճանի 2022թ. Սեպտեմբերի յարձակումը, որ զինադադարի խախտում է եւ լուրջ հետեւանքներ ունի խաղաղութեան գործընթացին համար:
Կը վերահաստատուի, որ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է լիարժէքօրէն յարգուի եւ կոչ կը կատարուի ազրպէյճանական իշխանութիւններուն անմիջապես դուրս բերելու զօրքերը Հայաստանի բոլոր տարածքներէն:
Համոզմունք կ՝արտայայտուի առ այն, որ ռազմական միջոցներով Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութեան հասնիլ հնարաւոր չէ: Ատիկա կը պահանջէ համապարփակ քաղաքական կարգաւորում՝ միջազգային իրաւունքին համապատասխան՝ ներառեալ ՄԱԿ կանոնադրութիւնը, ԵԱՀԿ 1975 Հելսինկեան եզրափակիչ ակտը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ ՄԽ 2009թ. հիմնարար՝ տարածքային ամբողջականութեան, ինքնորոշման եւ ուժի չկիրառման սկզբունքները:
Մտահոգութիւն կ՝արտայայտուի ազրպէյճանի ԶՈւ կողմէ հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու հանդէպ պատերազմական յանցագործություններու եւ անմարդկային վերաբերմունքի առնչութեամբ եւ կոչ կը կատարուի ազրպէյճանական իշխանութիւններուն ազատելու իրենց հսկողութեան տակ գտնուող ռազմագերիները:
Աջակցութիւն կ՝արտայայտուի Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլին՝ Հայաստանի ու ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ եռակողմ հանդիպումներ իրականացնելու նախաձեռնութեան:
Կ՝ընդգծուի, որ Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ համապարփակ խաղաղութեան պայմանագիրը պէտք է հասցէագրէ հակամարտութեան արմատական պատճառները՝ ներառեալ ԼՂ-ի մէջ ապրող հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը, տեղահանուած անձանց ու փախստականներու վերադարձը, մշակութային, կրօնական ու պատմական ժառանգութեան պաշտպանութիւնն ու պահպանումը, ինչպէս նաեւ տարածքային ամբողջականութիւնը:
Կ՝ողջունուի ազրպէյճանի հետ Հայաստանի սահմանին ԵՄ քաղաքացիական առաքելութեան տեղակայումը եւ կոչ կ՝ուղղուի ԵՄ խորհուրդին ընդլայնելու տեղակայուած փորձագէտներուն քանակը, աւելցնելու առաքելութեան կարողութիւնները, ամրապնդելու ներկայութիւնը տարածաշրջանին մէջ:
Կը նշուի, որ ազրպէյճանի հետ ԵՄ յարաբերութիւններու ցանկացած խորացում պէտք է ըլլայ պայմանական՝ կախուած երկրին կողմէ մարդու իրաւունքներու, օրէնքի գերակայութեան, ժողովրդավարութեան ու հիմնարար ազատութիւններու յարգման ուղղութեամբ էական յառաջընթացի ապահովումէն:
CFSP զեկոյցի՝ թուրքիոյ վերաբերեալ հատուածին մէջ կը նշուի Հարաւային Կովկասի մէջ, ի թիւս այլ տարածաշրջաններու, երկրի շարունակական ապակայունացնող գործողութիւններուն մասին:
ԵԽ Յունուար 18-ի լիագումար նիստին ընդունուած զեկոյցով՝ ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի արգելափակման վերաբերեալ ներկայացուած է լրամշակում, ուր կը նշուի.
Երոխորհրդարանը խստօրէն կը դատապարտէ ազրպէյճանի կողմէ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան խախտմամբ Լաչինի միջանցքին ապօրինի շրջափակումը, որուն նպատակն է մարդկայնական ճգնաժամ ստեղծել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին համար: Խորհրդարանը կը պահանջէ ազրպէյճանի իշխանութիւններէն անյապաղ վերականգնել Լաչինի միջանցքով տեղաշարժի ազատութիւնը:
