ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Գլխաւոր Յանձնակատարը Կոչ Կ՝ընէ Անյապաղ Բանալու Լաչինի Միջանցքով Ազատ եւ Անվտանգ Տեղաշարժը
ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու գլխաւոր յանձնակատար Ֆոլգըր Թիւրքը կոչ կ՝ընէ անյապաղ եւ ամբողջութեամբ բանալու Լաչինի միջանցքով ազատ եւ անվտանգ տեղաշարժը։ Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, գրուած է ՄԱԿԻ-ի մարդու իրաւունքներու խորհուրդի Twitter-ի պաշտօնական էջին մէջ:
«Սնունդի, դեղորայքի եւ այլ հիմնական ապրանքներու եւ ծառայութիւններու անսահմանափակ հասանելիութիւնը էական նշանակութիւն ունի տուժած բնակչութեան կողմէ մարդու իրաւունքներու իրացման համար»,- նշուած է գրառման մէջ:
