Արցախի Մէջ Կը Դադրեցուի Ուսումնական Գործընթացը

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանէն դէպի Արցախ կազամատակարարման եւ ելեկտրականութեան խափանման պատճառով, Յունուար 19-էն ժամանակաւորապէս կը դադրեցուի հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններուն նախադպրոցական խումբերու, 1-12-րդ դասարաններու եւ նախնական (արհեստագործական) ու միջին մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւններուն դասագործընթացը։

Ուսումնական գործընթացի վերսկսման վերաբերեալ կը տրուի լրացուցիչ տեղեկատւութիւն: