Լաչինի Միջանցքին Շուրջ Հարցը Շուտով Պիտի Կարգաւորուի․ Լաւրով
«Երէկ, թէ առաջին օրը կայացած է ազրպէյճանի եւ Ղարաբաղի ներկայացուցիչներու հանդիպում, որուն մասնակցած է ռուսական զօրակազմին հրամանատարը։ Կը կարծեմ, որ հարցը յառաջիկայ ժամանակին պիտի կարգաւորուի»,- այսօրուան ասուլիսին, ըստ «ԱՊԱՌԱԺ»-ի, ըսած է ՌԴ արտաքին գործոց նախարար Սերգեյ Լաւրովը։
Ան յիշեցուցած է ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովին հետ իր երեկուան հեռախօսազրոյցը եւ ընդգծած, որ Լաչինի միջանցքը՝ ըստ 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի համաձայնութեան, պէտք է ազատ ըլլայ բեռներու, քաղաքացիներու եւ փոխադրամիջոցներու անցումներուն համար, բայց ռազմական բեռներու տեղափոխումը արգիլուած է։
Ռուսիոյ ԱԳ նախարարը ըսած է, թէ հիմա ռուս զինուորականները կ՝ուսումնասիրեն ազրպէյճանցիներուն ներկայացուցած տուեալները, թէ հայկական կողմը, խախտելով եռակողմ համաձայնութիւնները, այդ միջանցքով ականներ տեղափոխած է, որոնք յետոյ օգտագործուած են ազրպէյճանական դիրքերուն մօտ տարածքներ ականապատելու համար։
«Այնտեղ փոխադարձ շատ մեղադրանքներ կան»,- ըսած է Լաւրովը։
