ազրպէյճանի Գործողութիւնները Երեխաներու Հանդէպ Ցեղասպանական ու Նացիստական ​​Քաղաքականութեան Դրսեւորումն է․ Բաբայեան

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական Դաւիթ Բաբայեան կը գրէ.

«ազրպէյճանցի բնապահպան-ահաբեկիչներու գործողութիւնները արցախցի երեխաներուն հանդէպ ցեղասպանական ու նացիստական ​​քաղաքականութեան ամենաակնառու դրսեւորումն է։

Աշխարհը պէտք է արձագանգէ, պարզապէս՝ պարտաւոր է: Բայց մենք մեզի պէտք է համապատասխան եզրակացութիւններ ընենք։ Մեր երեխաներուն եւ անոնց ապագային համար աւելի մեծ վտանգ կը ներկայացնեն այն «հայերը», որոնք կը փորձեն Արցախը «խոթել» ազրպէյճանի մէջ»։