ԱՄՆ Քոնկրեսականները Կը Դատապարտեն Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ազրպէյճանի Կողմէ Ձեռնարկուած Անմարդկային Գործողութիւնները

Աշխարհ, Հայաստան

Ազրպէյճանցիներուն կողմէ Լաչինի միջանցքին փակումը կը կրէ համակարգուած բնոյթ եւ նպատակ ունի փակելու Արցախի միակ մատակարարման ուղին: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած են ԱՄՆ քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահներ Ֆրէնք Փալոնը, Կաս Պիլիրագիսը, Ճէքի Սփիրը, Տէյվիտ Վալատաոն եւ Ադամ Շիֆը:

«Մենք կը դատապարտենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած անմարդկային գործողութիւնները: Շատ մտահոգիչ է, որ ազրպէյճանցիներուն թոյլ կը տրուի ազատ կերպով բողոքի ցոյց ընելու միայն այն ժամանակ, երբ ատիկա կը սպառնայ հայերու կեանքին: Անոնց կողմէ Լաչինի միջանցքին արգելափակումը կը կրէ համակարգուած բնոյթ եւ նպատակ ունի փակելու փոխադրամիջոցներու տեղաշարժը, դէպի Արցախ սնունդի, բժշկական պարագաներու եւ այլ կենսական նշանակութեան ապրանքներու մատակարարման միակ ուղին, ինչպէս նաեւ սահմանափակելու Արցախի ժողովուրդին ազատ տեղաշարժը»,- նշուած է ԱՄՆ քոնկրեսականներու յայտարարութեան մէջ:

Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահները նաեւ անդրադարձած են Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի կազամատակարարման արգելափակման:

«Ըստ լրացուցիչ տեղեկութիւններու՝ Ազրպէյճանը նաեւ փակած է տարածքի բնակիչներուն համար բնական կազի մատակարարման գլխաւոր աղբիւրներէն մէկը՝ ջերմաստիճանի անկման պայմաններուն մէջ տասնեակ հազարաւոր մարդիկ ձգելով առանց ջեռուցման, ինչպէս ըրած էր այս տարուան Մարտին: Ազրպէյճանի կողմէ այս կենսական նշանակութեան գիծերուն փակումը կամ փակման սպառնալիքը մէկ անգամ եւս անոնց ձեռքը զէնք կը դարձնէ կարեւոր ենթակառուցուածքները եւ մարդկայնական ճգնաժամ կը ստեղծէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերուն համար: Ասոր նախորդած է ոտնձգութիւններու շարքը հայ ժողովուրդին դէմ, որ կը քաջալերուի Ալիեւի վարչակարգին ճոռոմ հռետորաբանութեամբ: Այդ ոտնձգութիւնները փաստագրուած են»,- նշած են քոնկրեսականները:

Անոնք նաեւ ԱՄՆ-ին եւ անոր եւրոպական գործընկերներուն կոչ ըրած են օգտագործելու իրենց տրամադրութեան տակ եղած բոլոր դիւանագիտական գործիքները Ազրպէյճանի կողմէ ստեղծուած այս ճգնաժամը դադրեցնելու համար: Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահները կոչ ըրած են նաեւ՝ Ալիեւկ բերելու բանակցութիւններու սեղանի շուրջ Մինսկի խումբի եւ խաղաղութեան այլ բազմակողմ գործընթացներու միջոցով եւ «ապահովելու Արցախի ժողովուրդին ներգրաւուածութիւնը այդ քննարկումներուն»: