ՀՅԴ ԳՄ Յայտարարութիւնը Արցախի Հանրապետութեան Դէմ Ազրպէյճանական Շարունակական Սադրանքներուն Առնչութեամբ

Աշխարհ, Հայաստան

Անդրադառնալով նախընթաց օրերուն Արցախի Հանրապետութեան դէմ յաճախակի դարձած Ազրպէյճանի սադրանքներուն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը կ՝արձանագրէ․

1. Ի սկզբանէ, միտումնաւոր խեղաթիւրելով Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի էութիւնը, Ազրպէյճանը հետեւողականօրէն իրականացուցած է եւ կը շարունակէ ցեղական զտման քաղաքականութիւնը:

2. Միջազգային իրաւունքի եւ ԽՍՀՄ օրէնսդրութեան պատշաճ պահպանմամբ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ինքնորոշուած է իր պատմական տարածքին մէջ՝ 1991թ. Սեպտեմբեր 2-ին հռչակելով Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութեան անկախութիւնը, զայն հաստատելով նոյն թուականի Դեկտեմբեր 10-ի հանրաքուէով:

3. Գործող զինադադարի պայմաններուն մէջ, սահմանագիծին վրայ պարբերական սադրանքներէն ետք, 2020թ. Սեպտեմբեր 27-ին՝ օգտուելով միջազգային իրավիճակէ, Հայոց պետականութիւնը տկարացնող Հայաստանի գործող իշխանութիւններուն քաղաքականութենէն, անտեսելով Հելսինկեան Եզրափակիչ Ակտի (1975թ.)՝ մասնաւորապէս ուժի կամ ուժի կիրառման սպառնալիքէն զերծ մնալու միջազգային պարտաւորութիւնը, Թուրքիոյ բացայայտ աջակցութեամբ, ինչպէս նաեւ միջազգային ահաբեկչական խմբաւորումներու անմիջական ներգրաւմամբ Ազրպէյճանը սանձազերծեց նոր պատերազմ:

4. Հակառակ 2020թ. Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան, Ազրպէյճանի ռազմատենչ սպառնալիքներուն եւ ՀՀ իշխանութիւններուն յանձնուողական վարքագիծին իբրեւ արդիւնք՝ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան յանձնուեցան Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգութիւնը ապահովող բազմաթիւ տարածքներ եւ դիրքեր։ Ազրպէյճանական ռազմական յարձակման եւ ներխուժման հետեւանքով գրաւուած են Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքները։ Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր հազարաւոր հայրենակիցներ կը շարունակեն դիմագրաւել մարդասիրական ճգնաժամը, անորոշ է իրենց բնակավայրեր վերադառնալու հեռանկարը:

5. Ինչպէս 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին, այնպէս ալ անոր յաջորդող ժամանակահատուածին, Ազրպէյճանը եւ անոր դաշնակիցները իրագործած են մարդկութեան դէմ ուղղուած, պատերազմական յանցագործութիւններ՝ կիրառելով արգիլուած զինատեսակներ, թիրախ դարձնելով քաղաքացիական ենթակառուցուածքներ եւ խաղաղ բնակչութիւնը, խախտելով ռազմագերիներու պահպման վերաբերեալ միջազգային չափանիշները, խոչընդոտելով զոհուածներու մարմիններուն դուրսբերման միջազգային պարտաւորութիւնները:

6. Ազրպէյճանը կը շարունակէ մնալ տարածաշրջանային անկայունութեան աղբիւր, որուն դրսեւորումներէն մէկն ալ 2021 թ. Յունիս 15-ին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն ստորագրած, այսպէս կոչուած Շուշիի խիստ անընդունելի հռչակագիրն է:

7. Մարդկութեան դէմ ուղղուած եւ միջազգային իրաւունքով դատապարտելի այս գործողութիւնները դեռ չեն արժանացած համընդհանուր միջազգային գնահատականի, որ իր հերթին առաւել սանձարձակ դարձուցած է ազրպէյճանական իշխանութիւնները՝ շարունակելու ցեղական զտման, մշակութային արժէքներու ոչնչացման, Արցախի հայաթափման ցեղասպանական քաղաքականութիւնը:

8. Մտացածին պատճառաբանութիւններով, «բնապահպաններ»-ու անուան տակ հանդէս եկող ազրպէյճանական սադրիչներու կողմէ Շուշի-Քարին տակ ճանապարհահատուածը պարբերաբար փակելը, ռուս խաղաղապահները սադրելը, դէպի Արցախի Հանրապետութեան տարածք մուտք գործելու փորձերը, գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ ազրպէյճանական զինուած միաւորումներու շարունակական թիրախաւորումը ազրպէյճանական ռազմատենչ սադրանքներու ցայտուն դրսեւորումներ են։

9. Ազրպէյճանը կ՝ոտնահարէ Քաղաքացիական եւ քաղաքական, ինչպէս նաեւ Տնտեսական, հասարակական եւ մշակութային իրաւունքներու մասին ՄԱԿ-ի եւ այլ միջազգային դաշնագրերու մէջ ամրագրուած իրաւունքները, մինչդեռ Արցախի Հանրապետութիւնը միակողմանիօրէն եւ կամովին ստանձնած է բազմաթիւ պայմանագրերով ամրագրուած պարտաւորութիւններ, որոնց համաձայն ինքնորոշման իրաւունքի ուժով տուեալ ժողովուրդի իրաւունքն է լիակատար օգտուելու իր բնական հարստութիւններէն եւ միջոցներէն:

Դատապարտելով Ազրպէյճանի շարունակուող յարձակողական ու միջազգային իրաւունքին հակասող հակահայ քաղաքականութիւնը, անվերապահ աջակցութիւն յայտնելով Արցախի Հանրապետութեան հերոսական ժողովուրդին, վստահեցնելով, որ իր ողջ կարողականութիւնը պատրաստ է ի սպաս դնելու արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան.

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը

1. Դիմելով միջազգային հանրութեան՝ կոչ կ՝ընէ գնահատական տալու ազրպէյճանական յարձակման, ցեղասպանական քաղաքականութեան, դատապարտելու Հայաստանի ու Արցախի տարածքներու բռնագրաւումը, միջոցներ ձեռնարկելու սանձելու Պաքուի վարչաձեւի ծաւալապաշտական նկրտումները, պատասխանատւութեան ենթարկելու ռազմական յանցագործութիւններ կատարած անձեր, պատժամիջոցներ կիրառելու Ազրպէյճանի ռազամաքաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ, նպաստելու ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան համաձայն Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրացման, գործուն քայլեր իրականացնելու բոլոր հայ ռազմագերիներու, պատանդներու եւ այլ պահուող անձերու հայրենադարձման հարցով, ինչպէս նաեւ անյետաձգելի քայլեր ձեռնարկելու Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման միջազգայնօրէն ճանչցուած միակ՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան միջնորդական ձեւաչափի վերականգնման ուղղութեամբ:

2. Զօրակցելով Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբին՝ կոչ կը յղէ վերջինիս իր առաքելութեան համապատասխան, բոլոր հնարաւոր միջոցներով ապահովելու Արցախի բնակչութեան անվտանգութիւնը, բնականոն գործունէութիւնը, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն միջեւ անխափան կապը եւ կանխելու Ազրպէյճանի ցեղասպանական նպատակադրումները։

Միաժամանակ, Հայաստանի իշխանութիւնները պարտաւոր են ապահովելու Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան երաշխաւորի Հայաստանի Հանրապետութեան յանձնառութիւնը, Արցախի Հանրապետութեան ինքնորոշուած ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ գործուն քայլեր ձեռնարկելու Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ անխափան փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան, Արցախ կազի, ելեկտարականութեան մատակարարման, հեռախօսային եւ համացանցային կապի անխափանութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ։

Աներկբայ է՝ Արցախի հիմնահարցի քաղաքական լուծման միակ միջոցը Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին իրացումն է։

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմին