Ֆրանսայի Ծերակոյտի Շէնքին Մօտ` Ազրպէյճանցիներու Բողոքի Ցոյց

Աշխարհ, Հայաստան

Ֆրանսայի Ծերակոյտի շէնքին մօտ երէկ տեղի ունեցած է ազրպէյճանական համայնքի բողոքի ցոյցը ընդդէմ «հակաազրպէյճանական բանաձեւին», որ կը դատապարտէ Պաքուի` Հայաստանի դէմ շղթայազերծած ռազմական յարձակումը եւ ֆրանսական կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ պատժամիջոցներ հաստատել Ալիեւի վարչակազմին դէմ:

Ազրպէյճանցիները ֆրանսացի օրէնսդիրներուն կոչ կ՛ուղղեն «արդար ըլլալու»:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանական աղբիւրներուն համաձայն, բողոքի ցոյցի մասնակիցները նաեւ ստորագրահաւաք կ՛իրականացնեն «հակաազրպէյճանական բանաձեւին կապակցութեամբ»: