ՊՆ Ինքնաշարժի Կողաշրջման Հետեւանքով Մահացած է Մէկ եւ Վիրաւորուած 7 Զինծառայող. ՊՆ

Հայաստան

Նոյեմբեր 16-ին, ժամը 09:50-ի սահմաններուն, ՀՀ ՊՆ «Կամազ» մակնիշի ինքնաշարժի կողաշրջման հետեւանքով մահացած է զինծառայող Գրիգոր Արթուրի Գրիգորեանը (2000թ.-ի ծնունդ):

Մարմնական վնասուածքներ ստացած է 7 զինծառայող, որոնք տեղափոխուած են կայազօրային հիւանդանոց, ուր կը ստանան անհրաժեշտ բուժօգնութիւն:

Դէպքին հանգամանքները լիարժէք պարզելու համար կը տարուի քննութիւն:

ՀՀ ՊՆ