Lաւ կը Վերաբերինք Խաղաղապահական Բոլոր Նախաձեռնութիւններուն. Զախարովայի Անդրադարձը «Կանայք Յանուն Խաղաղութեան» Նախաձեռնութեան
Ռուսիոյ Դաշնութեան ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա անդրադարձած է ՀՀ վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեանի «Կանայք յանուն խաղաղութեան» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս ռուս կանանց Արցախ այցելութեան:
«Մենք լաւ կը վերաբերինք խաղաղապահական բոլոր նախաձեռնութիւններուն, որոնք իսկապէս ուղղուած են խաղաղութեան հաստատման: Ինչ կը վերաբերի այս շարժման, պէտք է նշել, որ անոր կազմակերպիչներն ու մասնակիցները ռուսական կողմէն ՌԴ ԱԳՆ-ին չեն դիմած, այդ պատճառով մեզի համար դժուար է դատողութիւններ ընել այս հարցին շուրջ: Մեր հետ ոչ ոք կիսուած է այդ տեղեկութիւններով: Կ՝ուզէի ըսել, որ սկզբունքօրէն նման քայլի մը յաջողութեան համար կարեւոր է հակամարտութեան բոլոր կողմերուն ըմբռնումն ու աջակցութիւնը, քանի որ խօսքը հակամարտութեան հետ կապուած իրավիճակին մասին է»,- ըստ Armenpress.am-ի՝ ըսած է Մարիա Զախարովա:
Արցախ այցելած ռուս կանանց մէջ եղած են յայտնի գրող Լիւդմիլա Ուլիցգայան, Պետդումայի պատգամաւոր Սուետլանա Ժուրովան եւ ուրիշներ:
