Արցախցին Պիտի Պայքարի Մինչեւ Ինքնորոշման Իրաւունքի Վերջնական Իրացումը․ Արթուր Մոսիյեան

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան ԱԺ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիյեանի խօսքով՝ Հոկտեմբեր 30-ին Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հանրահաւաքին ամբողջ իմաստը այն էր, որ անկախ բանակցային գործընթացէն եւ անկախ ամէն ինչէ, արցախցին մէկ անգամ եւս կանգնած ու ըսած է՝ իր իրաւունքներուն տէրը ինքն է եւ պատրաստ է կանգնելու ու մինչեւ վերջ պայքարելու այդ իրաւունքներուն համար։ Այս մասին, ըստ 168.am-ի, զրոյցի ընթացքին յայտնած է Արթուր Մոսիյեան։

«Արցախի ժողովուրդը այդ քայլով հորդորով դիմած է ՀՀ իշխանութեան, որպէսզի չստորագրուի այնպիսի փաստաթուղթ, որ Արցախի ապագան, Արցախի հիմնախնդրի կարգաւորման հեռանկարը կը թաղէ։ Այս իմաստով խնդիրը կատարուած է, եւ բոլորը տեսան, որ արցախցին ըսաւ, որ տէր է իր իրաւունքներուն։

Այլ բան մը եւս՝ մինչեւ այժմ արցախցին ոտքի չէր կանգներ, հաշուի առնելով Արցախի մէջ անվտանգութեան հետ կապուած տարբեր հարցեր, բայց երբ Ալիեւը կ՝ըսէ, որ արցախցին իր քաղաքացին է, եւ Հայաստանի իշխանութիւնը ասոր չի հակադարձեր, ասիկա կը նշանակէ, որ արցախցիի համբերութեան բաժակը լեցուած է։ Այնպէս չէ, որ եթէ արցախցին ոտքի չէր կանգներ, տեղի ունեցողին հետ համամիտ էր»,- նշած է Արթուր Մոսիյեան։

Շարունակելով միտքը, ան ըսած է, որ այս տարուան Ապրիլ 14-ին, Արցախի ԱԺ-ի ընդունած յայտարարութիւնը, որուն միացած են արտախորհրդարանական բոլոր ուժերը, 100-է աւելի հասարակական կազմակերպութիւններ, տեղական մարմիններ եւ այլք, այդպիսով փաստուած է, որ այդ յայտարարութիւնը ուղենիշ է բոլորին համար, նաեւ՝ Արցախի իշխանութեան, աւելին՝ անիկա Արցախի պաշտօնական դիրքորոշումն է։

«Եթէ այդ ամէնը նաեւ Արցախի պաշտօնական դիրքորոշումն է, ուրեմն՝ պարզ է, որ հանրահաւաքին պէտք է ներկայ ըլլար նաեւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան։ Կը կրկնեմ՝ Արցախի մէջ բոլորը կը շարժին այդ ուղենիշով։ Թէ հիմա Արցախի իշխանութիւնը Հայաստանի իշխանութեան հետ առանձին ինչ կը խօսի, այլ հարց է, բայց յստակ է մէկ բան, որ Արցախը չի կրնար ըլլալ Ազրպէյճանի կազմին մէջ։ Այս իմաստով չեմ կարծեր, որ Արայիկ Յարութիւնեանը կ՝ուզէ, որ մենք մնանք Ազրպէյճանի կազմին մէջ»,- ընդգծած է Ա. Մոսիյեան։

Ինչ կը վերաբերի հանրահաւաքներու շարունակական ըլլալուն, Արթուր Մոսիյեան ըսած է.

«Արցախցին պիտի պայքարի այնքան ժամանակ, մինչեւ ինքնորոշման իրաւունքի վերջնական իրացումը, այդ ամէնը կ՝ըլլայ հանրահաւաքներու կամ այլ ձեւերով, արդէն երկրորդական հարց է, կ՝ապրինք՝ կը տեսնենք»։