Բռնցքամարտի Հայաստանի Հաւաքականը 9 Մետալ Նուաճած է

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Բռնցքամարտի Հայաստանի հաւաքականը Սլովենիոյ մէջ իրականացուած «Արծաթէ գօտի» մրցաշարը աւարտած է 9 մետալով։

Եւրոպայի փոխ ախոյեաններ, 57 քկ քաշային Արթուր Բազէյեանն ու 86 քկ քաշային Ռաֆայէլ Յովհաննիսեանը եզրափակիչին գեղեցիկ ոճով յաղթեցին աւստրիացի եւ սպանացի մրցակիցներուն ու դարձան ախոյեան։ Այս մասին կը հաղորդէ ՀԲՖ-ի մամուլի ծառայութիւնը։

Ոսկի մետալի արժանացաւ նաեւ Նարեկ Մանասեանը, որուն մրցակիցը վնասուածքի պատճառով չներկայացաւ մենամարտին։

Վնասուածք ունէր նաեւ մեր 60 քկ քաշային Արթուր Ղազարեանը, որուն  բժիշկները չարտօնեցին մասնակցիլ եզրափակիչ մենամարտին, եւ ան արժանացաւ արծաթէ պարգեւի։ Երկրորդ տեղ գրաւեց նաեւ 63,5 քկ քաշային Նարեկ Յովհաննիսեանը։

51 քկ քաշային Բարեղամ Յարութիւնեանը, 54 քկ քաշային Ջանիկ Սահակեանը, 67 քկ քաշային Գուրգէն Մադոյեանն ու գերծանր քաշային Դաւիթ Չալոյեանը արժանացան պրոնզէ մետալի։