
Փարիզը Կը Դատապարտէ Հայաստանի Ինքնիշխան Տարածքին Հանդէպ Ազրպէյճանի Յարձակումը. Փարիզի Քաղաքային Խորհուրդը Բանաձեւ Ընդունած է
Փարիզի քաղաքային խորհուրդը, Հոկտեմբեր 13-ին, ի պաշտպանութիւն հայ ժողովուրդին՝ միաձայն ընդունած է բանաձեւ, որմով կը դատապարտէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին հանդէպ Ազրպէյճանի յարձակումը: Այս մասին կը յայտնէ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը:
«Բանաձեւով Փարիզը կը դատապարտէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին հանդէպ Ազրպէյճանի յարձակումը՝ ազրպէյճանական յարձակումը որակելով միջազգային իրաւունքի եւ մարդու իրաւունքներու կոպտագոյն խախտումներ։ Փարիզի քաղաքային խորհուրդը կոչ կ՝ընէ Ֆրանսայի կառավարութեան
պատժամիջոցներ կիրառելու Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հանդէպ»,- նշուած է դեսպանութեան հաղորդագրութեան մէջ: