
Ազրպէյճանական ԶՈւ-ն Վարդենիսի Ուղղութեամբ Գրաւած է Քանի Մը Մարտական Դիրք, Ամենամեծ Տարածքային Կորուստը Ջերմուկի Հատուածին Մէջ է․ ԳՇ Պետի Տեղակալ
Սեպտեմբեր 13-ի ազրպէյճանական յարձակման իբրեւ արդիւնք՝ ԹՇՆԱՄԻն յաջողած է Վարդենիսի ուղղութեամբ գրաւել քանի մը մարտական դիրք, որոնք կարեւոր չեն մարտավարական տեսանկիւնէ, սակայն կարեւոր են ռազմավարական տեսանկիւնէ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ ՀՀ զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետի տեղակալ զօրավար-հրամանատար Առաքել Մարտիկեանը այս մասին Վարդենիսի մէջ յայտնած է օտարերկրեայ դիւանագէտներուն՝ անդրադառնալով այն հարցումին, թէ այդ հատուածին մէջ ի՞նչ կորուստներ եղած են:
Մարտիկեանը նշած է, որ ամենամեծ տարածքային կորուստները եղած են Ջերմուկի հատուածին մէջ:
«Չենք կրնար ըսել, թէ այստեղ տարածքային լուրջ յառաջխաղացում ունեցած են, իրենք յաջողած են գրաւել քանի մը մարտական դիրք: Բայց այդ մարտական դիրքերը մարտավարական տեսանկիւնէ այդքան կարեւոր չեն, ռազմավարական տեսանկիւնէ կարեւոր են, քանի որ անմիջականօրէն կախուած են մեր բնակավայրերուն վրայ, կրնան որոշակի հսկողութիւն սահմանել մեր ճանապարհներուն, երթուղիներուն վրայ: Եւ ամենակարեւորը՝ իրենց ներկայութեամբ հոգէպէս եւ բարոյապէս կը ճնշեն մօտակայ գիւղերուն բնակիչները»,- ըսած է ԳՇ պետի տեղակալը: