Նախ Ներողութիւն Խնդրեցէք Հայերէն, Քիւրտերէն եւ Ասորիներէն․ Փայլանը՝ Թուրքիոյ Իշխանութիւններուն

Աշխարհ, Էրկիր, Սփիւռք

Թուրքիոյ քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը այցելած է Տիարպեքիր նահանգի Սուր շրջան, որ քանի մը տարի փակ եղած է՝ թուրք-քրտական բախումներուն հետեւանքով: Պատմական Սուր շրջանի Ալիփաշա թաղամասին մէջ կը գտնուի Սբ. Սարգիս հայկական կաթոլիկ եկեղեցին: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով T 24-ը։

Փայլանը նշած է, որ թէեւ Սուր շրջանը թուրք քրտական բախումներէն ետք աւերուած վիճակի մէջ է, բայց Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը կ՝ուզէ Հոկտեմբերին այնտեղ կազմակերպել ձեռնարկ մը, որուն պիտի հրաւիրուին նաեւ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութենէն պատգամաւորներ:

Դիմելով նախարարութեան՝ Փայլանը նշած է.

Սուր շրջանը աւերողները կ՝ըսեն․ «Սուրը պիտի դարձնենք Դոլետօ (Սպանիոյ ամենայայտնի հանգստավայրերէն մէկը-խմբ): Այսպէ՞ս Սուրը Տոլետօ պիտի դարձնէք: Ի՞նչ ըրած էք, որ ինչ ալ ցոյց տաք: Փոխարէնը կառուցած էք անհասկնալի շէնքեր: Ըստ զիս՝ ներկայացնելու փոխարէն պէտք է ամչնաք: Նախ ներողութիւն խնդրեցէք Տիարպեքիրի բնակիչներէն՝ հայերէն, քիւրտերէն եւ ասորիներէն»:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ Տիարպեքիր քաղաքի պատմական Սուր շրջանի Ալիփաշա թաղամասին մէջ գտնուող Սբ. Սարգիս հայկական կաթոլիկ եկեղեցին յայտնուած է գանձ որոնողներու թիրախին վրայ: Բազմաթիւ դէպքեր եղած են, երբ անոնք հանած են եկեղեցւոյ քարերը ու վաճառած, գանձ գտնելու յոյսով անցքեր բացած են պատերուն կամ հիմքերուն մօտ, որուն հետեւանքով արդէն իսկ կիսավեր եկեղեցին յայտնուած է ամբողջապէս ոչնչանացման եզրին: