
Կոչ Կ՝ընենք Միջազգային Հանրութեան՝ Հասցէական Դատապարտելու Ազրպէյճանի Յարձակողական Գործողութիւնները․ Արցախի ԱԺ Խմբակցութիւններուն Յայտարարութիւնը
Արցախի Հանրապետութեան ԱԺ խմբակցութիւնները յայտարարութիւն տարածած են, ուր կ՝ըսուի․
«ՀՀ ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ ազրպէյճանական յարձակման մասին․
Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը, անտեսելով միջազգային չափանիշները, մասնաւորապէս՝ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ եւ Հելսինկեան եզրափակիչ ակտով նախատեսուած սկզբունքները, 2022 թուականի Սեպտեմբեր 13-էն պատերազմ սկսած է Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ: Հարուածի տակ յայտնուած են խաղաղ բնակավայրեր եւ ռազմական կէտեր, որուն իբրեւ արդիւնք զոհուած եւ վիրաւորուած են հարիւրաւոր զինուորականներ եւ խաղաղ բնակիչներ:
Գլուխ կը խոնարհենք հայրենի երկրի սահմաններու պաշտպանութեան համար նահատակուած զինուորներուն, սպաներուն, անոնց հարազատներուն առջեւ: Զօրակցութիւն կը յայտնենք Հայաստանի Հանրապետութեան մեր հայրենակիցներուն եւ կոչ կ՝ընենք համայն հայութեան համախմբուելու եւ միասնական ջանքերով պաշտպանելու մեր հայրենիքի սահմանները:
2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին միջազգային հանրութեան անհասցէ կոչերն ու կրաւորական վերաբերմունքը առաւել յարձակողական դարձուցած են Ազրպէյճանը, որուն բոլոր գործողութիւնները կը հովանաւորուին Թուրքիոյ կողմէ: Ազրպէյճանի նման յարձակողական պահուածքը եւ կասկածելի խաղաղութեան օրակարգը հայ ժողովուրդը կը կանգնեցնէ ֆիզիքական բնաջնջման վտանգի առջեւ:
Կոչ կ՝ընենք միջազգային հանրութեան՝ հասցէական դատապարտելու Ազրպէյճանի յարձակողական գործողութիւնները եւ գործուն քայլեր ձեռնարկելու Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանելու եւ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու համար:
«Ազատ Հայրենիք – ՔՄԴ»
«Միասնական հայրենիք»
«Արդարութիւն»
«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն»
«Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն»
ք. Ստեփանակերտ
14.09.2022թ․»։