
Արցախը Կայ եւ Պիտի Մնայ Հայկական (տեսանիւթ)
Սեպտեմբեր 3-ին, Պելճիքայի Մեխելէն քաղաքի «Անի» միութեան «Հայ տան» հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 31-րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկ։
«Երկիր»-ի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ձեռնարկին ներկայ էին Պելճիքայի թագաւորութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանի խորհրդական, Արցախի հարցերով պատասխանատու Իրինա Բեգլարեանը, դեսպանատան խորհրդական Գէորգ Ղազարեանը, Պելճիքայի հոգեւոր հովիւ Հայր սուրբ Զատիկ Աւետիքեանը, Մեխելէնի հոգեւոր հովիւ Արմէն քահանայ Մելքոնեանը եւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանը։
Ձեռնարկի ընթացքին հնչեցին ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի խօսքեր՝ նուիրուած Արցախի անկախութեան տօնին։
Արցախի Հանրապետութեան օրհներգի ներքոյ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Պելճիքայի Թագաւորութեան պետական դրօշներուն կողքին բարձրացուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան պետական դրօշը, այնուհետեւ ձեռնարկը շարունակուեցաւ համերգային ծրագիրով։ Ելոյթ ունեցան Մեխելէնի «Անի» միութեան պարախումբերը եւ տուտուկահար Անդրանիկ Մուրատեանը։
Ձեռնարկին ներկայ էին Մեխելէնի, Անտուերպենի, Պրիւքսէլի եւ այլ համայնքներու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։