
Նոյեմբեր 9-էն Ետք Ազրպէյճանի ԶՈւ-ի Կողմէ ԱՀ Քաղաքացիներուն Նկատմամբ Կատարուած է 112 Յանցագործութիւն․ ԱՀ Դատախազութիւն
Եռակողմ յայտարարութենէն մինչեւ 2022 Սեպտեմբեր 1, Ազրպէյճանի ԶՈւ-ին կողմէ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքաացիներուն նկատմամբ կատարած յանցաւոր դէպքերուն մասին տեղեկութիւն կը հաղորդէ Արցախի դատախազութիւնը։
«2020թ. Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութենէն մինչեւ 2022 Սեպտեմբեր 1, Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ արցախցիներու նկատմամբ կատարուած է ընդհանուր 112 յանցագործութիւն, որոնց առնչութեամբ յարուցուած է 92 քրէական վարոյթ:
Սպաննուած է 18 (3-ը՝ քաղաքացիական անձ), սպանութեան փորձի ենթարկուած՝ 126 անձ (48-ը՝ քաղաքացիական անձ), հրազէնային վիրաւորում ստացած է եւ ֆիզիքական բռնութեան ենթարկուած 65 անձ (14-ը՝ քաղաքացիական անձ):
Յափշտակուած է 1 փոխադրամիջոց, տարբեր տեսակի հրազէնային զինատեսակներէ ուղիղ թիրախաւորուած է 13 բնակելի տուն, վնասուած կամ ոչնչացուած է գիւղատնտեսական 6 մեքենայ, 21 փոխադրամիջոց, 15 այլ գոյք, հրկիզուած է 4 այգի»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Այս եւ այլ տուեալներ առաւել մանրամասն ներկայացուած են ստորեւ.


