Ազրպէյճանը Կը Շարունակէ Մշակութային Ցեղասպանութեան Քաղաքականութիւնը. Յայտարարած է Ս․ Համբարձում Եկեղեցին Մզկիթի Վերածելու Նախագիծին Մասին (տեսանիւթ)
Ազրպէյճանը յայտարարած է 2022 Օգոստոսի վերջը Բերձոր քաղաքի եւ Աղաւնօ գիւղի հայ բնակչութեան բռնի տեղահանումէն ետք Սուրբ Համբարձում եկեղեցին մզկիթի վերածելու նախագիծի մասին։
Նախագիծին համաձայն՝ պիտի քանդուի գմբէթին գագաթը, պիտի կազմաքանդուի զանգակատունը եւ հիւսիսային ճակատին պիտի տեղադրուի երկու մինարէթ։
ICOM Armenia International Council on Monuments and Sites (ICOMOS) UNESCO
