Անկախութիւն եւ Արժանապատւութիւն Կը Նուաճեն Այն Ազգերը, Որոնք Գիտեն Հողի ու Հայրենիքի Գինը․ «Հայաստան» Դաշինք

Հայաստան

1991թ․ Սեպտեմբեր 2-ին ԼՂԻՄ մարզային եւ Շահումեանի շրջանային խորհուրդներու համատեղ նստաշրջանը՝ հիմք ընդունելով 1990թ. Ապրիլ 3-ի ԽՍՀՄ Գերագոյն խորհուրդի «ԽՍՀՄ կազմէն միութենական հանրապետութիւններու դուրս գալու կարգ»-ին մասին օրէնքը, ընդունեց հռչակագիր ԼՂԻՄ եւ Շահումեանի շրջանի սահմաններուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն հռչակելու մասին:

1991թ. Դեկտեմբեր 10-ին ԼՂՀ-ի մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէով՝ արցախահայութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը «այո» ըսաւ իր անկախ պետութեան: Այսպիսով, հայ տարեգրութեան մէջ արձանագրուեցաւ մեր պատմութեան ամենալուսաւոր էջերէն մէկը՝ հայոց երկրորդ պետականութեան ծնունդը, որ նուաճուեցաւ եւ իրողութիւն դարձաւ ողջ հայ ժողովուրդի հերոսական նուիրումին, անձնուրացութեան, յամառ ու աննահանջ պայքարին շնորհիւ։

Տարիներու յամառ ու տքնաջան աշխատանքով, զոհողութիւններով ու խիզախումներով, արցախահայութեան՝ անկախութեան գաղափարի անմնացորդ նուիրումով կերտուեցաւ Արցախի Հանրապետութիւնը՝ իր սահմանադրական յարաբերութիւններով, կայացած պետական հիմնարկներով, կրթական եւ մշակութային հաստատութիւններով, տնտեսական կարողութիւններով։

Արցախը կ՝ամրանար, համազգային ճիգով օրէ օր կը կայանար այն համոզումով, որ այն Հայրենիքի, Հայաստանի Հանրապետութեան հետ անվտանգային, հոգեւոր ու տնտեսական մէկ համակարգ է, նոյն զարկերակին ուժ տուող եւ անկէ ուժ ստացող անբաժան մարմին։

Աւաղ, Հայաստանի գործող իշխանութիւններուն կողմէ վարուող արկածախնդիր, կարճատես եւ ապազգային քաղաքականութիւնը կորստաբեր եւ աղէտալի հարուած հասցուց Հայաստան-Արցախ անքակտելի միասնականութեան, անվտանգային լրջագոյն սպառնալիքներու առջեւ կանգնեցնելով մեր զոյգ պետութիւնները։

Եւ, այնուամենայնիւ, որքան ալ ծանր ըլլան մեզի պարտադրուած 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքները, Արցախի ճակատագիրը մեր բոլորի ձեռքն է։

Պարտութիւնը դեռ դատավճիռ չէ։

Անկախութիւն եւ արժանապատւութիւն կը նուաճեն այն ազգերը, որոնք չեն հրաժարիր իրենց երազանքներէն, որոնք սեփական իրաւունքները պաշտպանել գիտեն, գիտեն հողի ու Հայրենիքի գինը։

Մենք՝ համայն հայ ժողովուրդը, նոր յաղթանակներ կոփելու թէ՛ յամառութիւն, թէ՛ համոզում եւ թէ՛ ներուժ ունինք։

Միասին մենք կրնանք։

Կեցցէ՜ Արցախի Հանրապետութիւնը։

Կեցցէ՜ միասնական հայ ժողովուրդը։

«Հայաստան» դաշինք