Թուրքիոյ Առաջին Հայ Գաւառապետը՝ Բերք Աճար

Աշխարհ, Սփիւռք

Հայ Բերք Աճարը ստանձնած է Տենիզլի նահանգի Պապատաղ վարչական շրջանի ղեկավարի (Քայմաքամ) պաշտօնը եւ սկսած է կատարել իր պարտականութիւնները։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Թրքական լրատուամիջոցները նախապէս տեղեկացուցած էին, որ Աճար անցեալ տարի յանձնած քննութեան եւ հարցազրոյցի յաջող արդիւնքներուն հիման վրայ նշանակուած է Տենիզլի նահանգի Պապատաղ վարչական շրջանի ղեկավար:

Քայմաքամը Թուրքիոյ կառավարման համակարգին մէջ նահանգէն ետք մեծութեամբ 2-րդ վարչատարածքային միաւորի՝ շրջանի ղեկավարն է, որ կը գործէ նահանգապետի ենթակայութեան տակ։

Նշենք, որ Բերք Աճարը ծնած է Պոլիս, 1995-ին։ Աւարտած է Պոլսոյ Սահակեան-Նունեան դպրոցը եւ «Լոյս» վարժարանը։ 2020-ին եղած է Պիլկի համալսարանի իրաւագիտութեան բաժանմունքի շրջանաւարտ։ Աշխատանքի անցած է Շիշլիի փաստաբանական գրասենեակին մէջ։