
Լաչինի Միջանցքը Փակուեցաւ
Լաչինի միջանցքը այսօր, ժամը 20։00-էն սկսեալ, փակուեցաւ հայերու համար։ Հայաստան – Արցախ երթուղին կը կազմակերպուի ժամանակաւոր ճանապարհով, որ կը շրջանցէ Աղաւնօ-Բերձորը եւ Արցախ կը տանի Շուշիի Բերդաձորի ենթաշրջանի գիւղերով։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Երկիր»-էն։
Մինչեւ յաջորդ տարի, երբ պատրաստ ըլլայ նոր ճանապարհի հայաստանեան հատուածը, որ, ըստ նախատեսուածի, պէտք է անցնի Կոռնիձորով, ժամանակաւորապէս կը գործէ Արցախի Աղաւնօ գիւղն ու Բերձոր քաղաքը շրջանցող ճանապարհահատուածը, որ այնուհետեւ կը միանայ Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիին:
Այդ ճանապարհը ամբողջութեամբ ասֆալտապատ է: Ասիկա ժամանակաւոր լուծում է, մինչեւ աւարտի հիմնական ճանապարհի շինարարութիւնը:
Հիմնական ճանապարհի՝ Արցախով անցնող հատուածի շինարարութիւնը ազրպէյճանական կողմը աւարտած է Յուլիսին, հայաստանեան հատուածի շինարարութիւնը, որ մեկնարկած է Օգոստոս 4-ին, կը նախատեսուի աւարտել յաջորդ գարնան: Ինչպէս այսօրունէ գործարկուող ժամանակաւոր ճանապարհին, այնպէս ալ յետագային գործարկուելիք հիմնական երթուղիին երկայնքով կը տեղակայուին ռուս խաղաղապահներ:
Յիշեցնենք, որ Օգոստոս 26-ին ազրպէյճանցիները մտած են Արցախի Քաշաթաղի շրջանի Բերձոր վարչական կեդրոն, Աղաւնօ եւ Սուս գիւղեր: Բնակիչներուն ժամանակ տրուած էր՝ լքելու իրենց բնակավայրերը, անոնցմէ քանի մը հոգին, դուրս գալով, այրած էին իրենց տուները։