
Անկախ Մտածողութիւն Ունեցող Մարդու Խնդիրները Դպրոցէն Կը Սկսին
Շատ ստեղծագործող մարդիկ կ՝ըսեն, որ պայծառութիւնը, ստեղծագործական ջիղը անսպասելիօրէն կու գայ, առօրեայ գործողութիւններու ընթացքին, որոնք ոչ մէկ կերպ կապուած են լուծուող խնդիրին հետ։ Հեռատեսիլ դիտելու կամ գիրք կարդալու պահուն՝ յանկարծ մարդու մօտ կը ձեւաւորուի այդ երկար ժամանակ չյայտնուող կապը։
Գիտութեան պատմութիւնը կը վկայէ՝ բացայայտումը հնարաւոր չէ ծրագրաւորել, բացի արհեստագիտական նուաճումներէն, որոնք, ի դէպ, կրնայ ընել նաեւ համակարգիչը, եւ գաղափարները գլխին մէջ կը ծնին, երբ մարդը բացարձակապէս անոր պատրաստ չէ։
Ընդհանուր առմամբ ստեղծագործելու համար անհրաժեշտ է վերացնել վերահսկողութիւնը ու չվախնալ սխալներէն։
Սխալները հիանալի բան են, եւ յետոյ, ո՞վ կրնայ ըսել, թէ ի՞նչ բան է սխալը։
Չմտածել բոլորի նման, կամ ստեղծագործ էութիւն ունեցող երեխաներու խնդիրները.
Մտածողութեան անկախութիւնը շատ կարեւոր որակ է։ Կայ շատ յայտնի արտայայտութիւն՝ «Think different»։
Ստեղծագործող մարդիկ իրենք կը սորվին, անոնց չեն սորվեցներ, եւ ատիկա անոնք կը սկսին ընել շատ վաղ տարիքէն։ Իրենց անսովոր գաղափարները, բացայայտումները անոնք երբեք չեն համարեր որեւէ տարօրինակ բան։
Ատիկա անոնց համար ամենասովորական ու ակնյայտ բանն է։ Անոնք յաճախ չեն հասկնար, թէ որն է իրենց վաստակը, եթէ ամէն բան այդքան ակնյայտ է։ Ակնյայտ է իրենց համար…
Այդպիսի մարդոց մօտ, իբրեւ կանոն, անյաջողութիւնները կը սկսին դպրոցէն, քանի որ անոնց մեծ մասը խելացի է իր ուսուցիչներէն։ Անոնք, ի հարկէ, չեն գիտեր այն ամէնը, ինչ գիտեն ուսուցիչները, բայց անոնք կրնան անոնցմէ խելացի ըլլալ։ Եւ այդ պատճառով ալ կը յայտնուին բարդ իրավիճակներու մէջ՝ յայտնուելով հասարակութեան ճնշման տակ։
Կայ այսպիսի արձանագրուած դէպք, երբ դպրոցի մէջ շատ ծոյլ համարուող 7 տարեկան աշակերտը, տան մէջ յայտնագործած է շոգեշարժիչ։ Եւ ոչ թէ պարզապէս յայտնագործած է, այլ կազմած է զայն։
Այնպէս որ, ստեղծագործող մարդիկ իրենց ողջ կեանքին ընթացքին ծանր մրցակցային պայքարի մէջ են։
Ինչո՞ւ անհրաժեշտ է կարդալը.
Զարգանալու համար պէտք է բարդ գրականութիւն կարդալ։ Կարեւոր է գծային ընթերցանութիւնը՝ սկիզբէն մինչեւ վերջ։
Գիտնականներու կանխատեսումները ընթերցանութեան ապագային մասին լաւատեսական չեն։ Լուրջ խզում կ՝ակնկալուի խելացի մտաւորականութեան հնարաւորութիւններուն եւ երկրագունդի ազգաբնակչութեան հիմնական
զանգուածին միջեւ։
Բայց եթէ փոքրիկները միայն խաղերով զբաղինն, անոնց մօտ չ՝արտադրուիր բարդ գրականութիւն կարդալու հանրահաշիւը, որ կը ձեւաւորէ գիտակցութիւնը, այլեւ բարդ մտածողութեան հանրահաշիւը։ Անոնք պիտի մտածեն միայն, թէ որ կոճակին պէտք է սեղմեն, որ պատուիրեն իրենց ճաշը։
Ուղեղը ձեւընկալ է ոչ միայն մանկութեան տարիներուն, այլեւ ամբողջ կեանքի տեւողութեան, երբ անիկա նորարարական կապեր կը ձեւաւորէ մինչեւ իր կեանքի վերջը։ Իւրաքանչիւր աշխատանք, բացի ձանձրալի ամենօրեայ աշխատանքէն, ուղեղի համար օգտակար է։ Գլխաւորը այն է, որ գործ ունենաս անընդհատ փոփոխուող բարդ տեղեկատւութեան հետ։