Կոչ Կ՝ընենք Լիարժէք Կերպով Ապահովելու Տեղեկացուած Ըլլալու ԱՀ Քաղաքացիներուն Իրաւունքը. ԱՀ ՄԻՊ
Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 51-րդ յօդուածը կ՝ամրագրէ պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու եւ պաշտօնատար անձերու գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ ստանալու իւրաքանչիւրին իրաւունքը: Այս իրաւունքը ապահովելու համար աւելի ցած իրաւաբանական ուժ ունեցող իրաւական ակտերու մէջ նախատեսուած է նաեւ պետական տարբեր մարմիններու՝ «թուլատրելի» սահմաններու մէջ հրապարակային գործելու պարտականութիւնը: Այս մասին, այսօր, յայտարարութիւն տարածած է ԱՀ մարդու իրաւունքներու գրասենեակը:
«Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիները ունին Արցախի մէջ եւ անոր շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին իրազեկուած ըլլալու իրաւունք եւ բարոյական անհրաժեշտութիւն: Այդ իրաւունքը կը վերաբերի նաեւ այնպիսի իրադարձութիւններու, որոնք յառաջիկայ ծրագիրներ են եւ ուղղակիօրէն կ՝առնչուին անձնական եւ հանրային կեանքի կազմակերպման որոշակի գործընթացներու (ճանապարհներու կառուցում եւ երթուղիներու փոփոխութիւն, համացանցի ապահովում, ելեկտրականութեան եւ կազի մատակարարում, կապի այլ միջոցներու տեղադրում եւ այլն):
Նմանատիպ հարցերու մէջ կառավարութեան անգործութիւնը կամ կրաւորականութիւնը հանրութեան մէջ կը մեծցնէ անորոշութեան զգացողութիւնը, պատճառ կը դառնայ յաւելեալ մտահոգութեան եւ անհանգստութեան:
Վերոնշեալ հետեւանքներէն խուսափելու համար՝ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան կոչ կ՝ընենք լիարժէք կերպով ապահովելու տեղեկացուած ըլլալու ԱՀ քաղաքացիներուն իրաւունքը եւ հանրային կեանքին առնչուող հարցերու շուրջ պարբերաբար, ժամանակին եւ պատշաճ կերպով հանդէս գալու իրազեկող յայտարարութիւններով»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:
