
Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբը Քոնկրեսին Կոչ Ըրած է Հետաքննելու Նախագահ Պայտընի Կողմէ Արցախին Օժանդակութիւն Չտրամադրելու Հարցը
Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի նախագահ Րաֆֆի Համբարեան նամակով դիմած է ԱՄՆ Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու պալատի անդամներուն՝ կոչ ընելով հետաքննութիւն իրականացնելու Պայտընի վարչակազմին կողմէ Արցախի ժողովուրդին մարդասիրական օգնութիւն չտրամադրելուն վերաբերեալ, քանի որ վերջինս կ՝ենթարկուի յարձակման եւ ցեղական զտումներու, ինչպէս նաեւ ունի սնունդի, ջուրի, վառելիքի ու կենսապահովման համար անհրաժեշտ այլ միջոցներու պակաս։
Յղում ընելով «Արցախի հայերը սովամահ տեսնելու Ազրպէյճանի կառավարութեան մտադրութիւնը»՝ Համբարեանը ընդգծած է՝ «ամերիկեան վարչակազմը Արցախի մէջ ապրող հայ ընտանիքներուն մարդասիրական օգնութիւն գրեթէ չէ ուղարկած»։ Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբի նախագահը նաեւ նկատած է՝ «Ամերիկան պէտք չէ մեղսակից ըլլայ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի հայ բնակչութեան ցեղական զտման»։
Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբին գրութեամբ՝ ամերիկեան օրէնսդիրներէն կը պահանջուի, պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի եւ Միջազգային զարգացման ամերիկեան գործակալութեան ղեկավար Սամանթա Փաուըրի միջոցով, Պայտընի վարչակազմէն ստանալ հետեւեալ չորս հարցերուն պատասխանները․
- Ի՞նչ յստակ գործողութիւններ ձեռնարկած է Պայտընի վարչակազմը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող եւ վտանգի տակ գտնուող հայերուն օգնելու համար (ծրագիրներու տրամադրում, գործընկերներու տուեալներ, պիւտճէ, ապրանքներ եւ համապատասխան այլ տեղեկատւութիւն)։
- Ի՞նչ յստակ ծրագիրներ ունի Պայտընի վարչակազմը՝ օգնելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող եւ վտանգի տակ գտնուող հայերուն (ծրագիրներ, գործընկերներու տուեալներ, պիւտճէ, ապրանքներ եւ համապատասխան այլ տեղեկատւութիւն)։
- Արդիօ՞ք Պայտընի վարչակազմը իրականացուցած է մարդասիրական ճգնաժամի մէջ գտնուող Արցախի հայ բնակչութեան կարիքներու գնահատում։
- Պայտընի վարչակազմը պիւտճէի ի՞նչ ծաւալ կը համարէ բաւարար եւ նպատակայարմար Արցախի հայ բնակչութեան առջեւ ծառացած մարդասիրական ճգնաժամը լուծելու համար:
Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի համակիրները, օգտագործելով յանձնախումբի համացանցային կայքին հնարաւորութիւնները, տասնեակ հազարաւոր նամակներ ուղարկած են իրենց շրջաններու օրէնսդիրներուն՝ պահանջելով ամերիկեան օժանդակութիւն տրամադրել Արցախին։
Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Րաֆֆի Համբարեանի նամակին ամբողջական տարբերակը հասանելի է հետեւեալ յղումով։
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
23.08.2022թ.