
Ուղեղը տասը տարիով երիտասարդացնել՝ պահպանելով յիշողութիւնը
Մենք շատ ժամանակ կ՝անցնենք մեր գեղեցկութեան եւ մարմնի պահպանութեան համար, սակայն կը մոռնանք ամենակարեւորի՝ ուղեղի մասին։
Առողջ ուղեղը թոյլ կու տայ սորվիլ եւ յիշել, հաղորդակցիլ, լուծել խնդիրներ եւ որոշումներ կայացնել։
Մեր մարմնի վերահսկման կեդրոնը ըլլալով՝ անիկա պատասխանատու է, որ սիրտը բաբախէ եւ թոքերը շնչեն, կարենանք շարժիլ, զգալ եւ մտածել։ Սակայն ուղեղը կրնայ դրսեւորել վերականգնողական յատկութիւններու անկում եւ յիշողութեան կորուստ արդէն 20 տարեկանին։ Այդ իսկ պատճառով առողջ ապրելակերպի պահպանումը (հաւասարակշռուած սնունդ, կանոնաւոր ֆիզիքական ծանրաբեռնուածութիւն եւ քուն, հրաժարում ալքոհոլէն եւ ծխելէն) շատ կարեւոր է եւ կը նպաստէ ուղեղի ճիշդ աշխատանքին ու լաւ ինքնազգացողութեան։
Բարեբախտաբար գոյութիւն ունին որոշ ուտելիքներ, որոնք կ՝օգնեն լաւացնելու յիշողութիւնը, ուշադրութիւնը, հաւասարակշռութիւնը եւ մտածելու արագութիւնը։
Կը պարզուի, որ ուղեղը կարելի է մօտ 10 տարիով երիտասրդացնել՝ պարզապէս օրական օգտագործելով երեք սովորական մթերք.
-Դդումի կորիզ. Կորիզներու ամենահամեղ տեսակներէն մէկը կրնայ ոչ միայն կարգաւորել վահանաձեւ գեղձի գործունէութիւնը, արեան շրջանառութիւնը, կանգնեցնել անօթներու քայքայումը, այլեւ պահպանել գիտակցութիւնը։
Սպիտակուցներու, վիթամիններու եւ զինգի մեծ պարունակութեան շնորհիւ դդումի
կորիզները թոյլ չեն տար ուղեղի բջջիջներուն քայքայուելու եւ կը կանխեն ուղեղի տարիքային խանգարումները։ Մինչեւ ուշ տարիք ուղեղի յստակութիւնը պահպանելու համար օրական՝ իբրեւ կանոն՝ կերէք 140 կրամ դդումի սերմ։ Անիկա կարելի է ուտել ուղղակի ինչպէս որ կայ, կամ աւելցնել որեւէ ուտեստի մէջ՝ թխուածք, աղցան եւ այլն։
-Ազատքեղ. Գիտնականները ունին այն կարծիքը, որ ազատքեղի ամենօրեայ օգտագործումը ոչ միայն թոյլ կու տայ յետաձգելու մարմնի ծերացումը, այլեւ պահպանելու յիշողութիւնը: Յայտնի է, որ ուղեղին մէջ նոր նեյրոնային կապերու յառաջացումը կը բարելաւէ մեր մտածողութիւնը, տրամադրութիւնը եւ
սովորութիւններու ձեւաւորումը: Անոնք են, որ մեզի կ՝օգնեն սորվելու նոր լեզուներ, արագ մտածելու եւ անսովոր պայմաններու մէջ կողմնորոշուելու:
Ամէն օր առնուազն 50 կրամ թարմ ազատքեղ կերէք աղցաններու կամ այլ ուտեստներու հետ:
-Լուբիայի տեսակներ. Եթէ լուբիայի տեսակները չեն մտներ ձեր օրական սննդակարգին մէջ, ուրեմն ժամանակն է ընդգրկելու։ Անոնք դիւրին մարսուող սպիտակուցի եւ մանրաթելերու կատարեալ աղբիւր են, բոլորովին զերծ են ջերմուժէ եւ ճարպերէ, որ ձեզի թոյլ պիտի տայ պահպանելու մտքի սրութիւնը։
Այնպիսի մշակաբոյսերը, ինչպէս լուբիան, ոլոռնը, սոյան, ոսպը, կը պարունակեն մեծ քանակով երկաթ՝ անփոխարինելի սննդանիւթ մեր ուղեղին համար: Քաքաոյի հատերուն մէջ կան բազմաթիւ հակաօքսիտիչներ, որոնք կը չէզոքացնեն ազատ ռատիգալները: Հետեւաբար, տարէցները պէտք է խմեն օրական մէկ բաժակ քաքաօ, որպէսզի խուսափին յիշողութեան կորուստէն։
Բացի նշուածներէն, ապաւինեցէք յիշողութիւնը բարելաւող այլ մթերքներու եւս՝ կանաչեղէն, ընկոյզ եւ արեւածաղիկ, հատապտուղներ, ձաւարեղէն, ձուկ, ձիթապտուղի իւղ եւ կանաչ թէյ: Շաբաթը մէկ անգամ փորձեցէք ձեր ընթրիքը կազմել միայն թեթեւ ուտեստներէ:
Մտածեցէք ուղեղի մասին իբրեւ մկան, որ պէտք է մարզել: Անընդհատ խաչբառներ լուծեցէք, բանաստեղծութիւններ եւ ասոյթներ սորվեցէք: