Հայաաստանը 6-րդ Մետալը Ապահոված է Բռնցքամարտի Պատանիներու ԵԱ-ին

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Էրզրումի մէջ ընթացող բռնցքամարտի Եւրոպայի պատանեկան առաջնութեան 6 -րդ մրցումային օրուան ընթացքին մեր մարզիկներէն կիսաեզրափակիչ հասաւ 57 քկ քաշային Ալէն Ստեփանեանը։ Այս մասին կը հաղորդէ armsport.am-ը։

Սքոթլանտիայի ներկայացուցիչ Օսգար Սթիլի հետ մենամարտին՝ մեր մարզիկը շատ գրագէտ մենամարտ իրականացուց ու յաղթեց 5։0 հաշուով։