
Ձեզի Հետ Կ՛ապրիմ. Դոկտոր Հրայր Ճէպէճեան
Ընդհանուր քարտուղար` Արաբական Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի Ընկերութիւն
Սիրելի՛ հայաստանաբնակ հայորդիներ,
Ապրած եմ Լիբանանի պատերազմին արհաւիրքը: Ապրած եմ «մահուան շուքի ձորի մէջէն» անցնելու փորձառութիւնը: Տեսած եմ հարազատներու եւ բարեկամներու մահը, ռումբերու եւ պայթումներու պատճառած քանդումները, անոնց հոգեկան եւ հոգեբանական հետքը` վախ ու ցաւ, բոլորիս ներաշխարհին վրայ:
Մեր հայրենիքը կ՛ապրի շատ մը մարտահրաւէրներ, եւ անոնց վրայ եկաւ աւելնալու Սուրմալուի ահաւոր պայթումը: Ունինք զոհեր, վիրաւորներ եւ փլատակներու տակ կորսուած հայորդիներ: Կ՛ապրիք պայթումին ահն ու սարսափը: Կը հասկնամ ձեր ցաւը եւ վախը, որովհետեւ անձնապէս ապրած եմ այդ բոլորը:
Ձեզի հետ կ՛ուզեմ բաժնեկցիլ Աստուածաշունչէն Պօղոս առաքեալի նամակներէն հետեւեալ համարը, որ ինծի համար եղաւ մղիչ ուժ` տոկալու պատերազմի դժուար պայմաններուն. «Վասնզի Աստուած մեզի երկչոտութեան հոգի չտուաւ, հապա զօրութեան ու սիրոյ եւ զգաստութեան» (Բ. Թուղթ Առ Տիմոթէոս 1.7):
Քրիստոսի Հոգին մեզի կու տայ զօրութիւն, որպէսզի կարենանք յաղթել ցաւն ու մահը: Ինչպէս Ինք յաղթեց խաչին վրայ:
Քրիստոսի Հոգին մեզի կու տայ սէր, որպէսզի կարենանք շինել նորը: Ինչպէս Ինք շինեց նորը` Իր յարութեամբ:
Քրիստոսի Հոգին մեզի կու տայ զգաստութիւն, որպէսզի կարենանք որոշել, թէ ի՛նչ պիտի ընենք: Ինչպէս Ինք որոշեց եւ ըրաւ, երբ աշխարհ եկաւ, որպէսզի մեզի կեանք շնորհէ:
Թող որ Քրիստոսի այս Հոգին մեզ գօտեպնդէ այսօր, որպէսզի կարենանք մեր երկչոտութիւնը, իմա ցաւերը, վերածել հաւատքի: Այն հաւատքը, որ մեզ պիտի ապրեցնէ: Եւ այս հաւատքով կերտենք յոյսը` նոր կեանքի ու ապագայի տեսլականով:
Սուրբ Հոգիին մխիթարութիւնը կը հայցեմ բոլոր սգաւորներուն: Վիրաւորներուն շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթեմ եւ կը յուսամ, որ կորսուած հայորդինեը շուտով եւ կենդանի գտնուին փլատակներուն տակէն:
Կ՛ապրիմ ձեզի հետ: Ձեր ցաւը: Բայց նաեւ` ՅՈՅՍԸ: