Ողբերգութիւն Բանակի ու Երկրի Համար. 15 Օրուան Ընթացքին 5 Ոչ Մարտական Զոհ

Հայաստան

Տիգրան Աբրահամեան Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է.

«Զինուած ուժերու Օգոստոս ամսուան առաջին 15-օրեակին կը նայիմ ոչ մարտական կորուստներու վիճակագրութիւնը, որ ամբողջութեամբ ողբերգութիւն է բանակի ու երկրի համար։

15 օրուան մէջ 5 ոչ մարտական զոհ։

Եւս 2 զոհ Պաշտպանութեան բանակը ունեցած է Օգոստոսի սկիզբը Ազրպէյճանի նախաձեռնած յարձակման ժամանակ։

Շուրջ 2 տասնեակ՝ տարբեր հանգամանքներու կապուած վիրաւորներ ՀՀ-ի եւ Արցախի մէջ, ներառեալ՝ ոչ մարտական պայմաններու մէջ։

Օգոստոս 3-ի լոյս 4-ին քնացած ժամանակ յանկարծամահ եղած է ՀՀ ՊՆ N զօրամասի եռամսեայ վարժական հաւաքի մասնակից, պահեստազօրային շարքային Ատոմ Ռազմիկի Յարութիւնեանը (1978թ.)։
____
Օգոստոս 7-ին, արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է Գեղարքունիքի մարզին մէջ: Ժամը 16:00-ի սահմաններուն, Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան Փրկարար ծառայութեան 911 Ճգնաժամային կառավարման կեդրոն ահազանգ եղած է, որ Գեղարքունիքի մարզի Ծովակ գիւղի վարչական շրջանին մէջ՝ Սեւանայ լիճին մէջ լողալու ընթացքին, ջրահեղձ եղած է քաղաքացի մը։
Աւելի ուշ պարզուած է, որ վերոնշեալ քաղաքացին եռամսեայ զօրահաւաքի մասնակից է, որ այդ պահուն, դեռ անյայտ պայմաններով, գտնուած է այդ տարածքին մէջ։
_____
Օգոստոս 7-ին յանկարծամահ եղած է N զօրամասի պայմանագրային զինծառայող, շարքային Արշալոյս Վռամի Յովհաննիսեանը (1976 թ.):
_____
Օգոստոս 9-ին հանրապետութեան հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած N զօրամասի կրակային դիրքին վրայ յայտնաբերուած է պարտադիր ժամկէտային զինծառայող, շարքային Էրիկ Արմէնի Ղարսեանի (2003 թ.) դին՝ կրծքավանդակի շրջանին հրազէնով վիրաւոր։
Քննութիւն կ՝ընթանայ՝ դէպքին հանգամանքները լիարժէք պարզելու համար։
_____
Օգոստոս 14-ին, ժամը 15:20-ի սահմաններուն, կտրուկ վատթարացած է ՀՀ ՊՆ N զօրամասի պայմանագրային զինծառայող, շարքային Մանուէլ Միասնիկի Թադեւոսեանի (1981 թ.) ինքնազգացողութիւնը: Թէեւ անմիջապէս ցուցաբերուած է բժշկական օգնութիւն` զինծառայողի կեանքը հնարաւոր չէ եղած փրկել:
Նշանակուած է դատաբժշկական փորձաքննութիւն՝ մահուան պատճառը պարզելու համար»: