
Որոշումներ, Որոնց Համար Հաստատ Կը Զղջաք Երբ Ծերանաք
Ամէն օր մենք կ՝ընդունինք բազմաթիւ ու տարատեսակ որոշումներ եւ յաճախ չենք ալ հասկնար, որ անոն մեծ ազդեցութիւն կրնան ունենալ մեր յետագայ կեանքին վրայ: Կամովին կամ պարտադրուած որոշումներ կայացնելովմենք բոլորս ալ կ՝առաջնորդուինք որեւէ բանով: Կարգ մը որոշումներ մեզի յաջողութիւն եւ թեթեւութիւն կը բերեն, ուրախութիւն եւ հեռանկարներ, ուրիշները կեանք կը փրկեն, կ՝օգնեն զարգանալ եւ արարել: Սակայն կան րոշումներ, որոնք կայացնելէ ետք կը դադրինք քնանալէ, կը կորսնցնենք ախորժակը, հաւասարակշռութիւնն ու հանգստութիւնը: Ու իբրեւ արդիւնք
չենք կրնար հանգիստ ապրիլ:
Բայց որքան ալ փորձենք, բոլոր սխալներէն չենք կրնար ապահովագրել մեզի, եւ, եթէ արդէն իսկ մեր կեանքին մէջ սխալներ ըրած ենք, չմոռնանք, որ անոնք միշտ ալ կարելի է փորձել ուղղել: Կարեւորը` ժամանակ չկորսնցնել ու չյետաձգել:
Անտեսեցէք Ձեզի, Ձեր հպարտութիւնն ու եսասիրութիւնը եւ փորձեցէք փոխել այն, ինչ գիշերները Ձեզի չի ձգեր քնանալ: Այսպէս՝
- Դուք կը զղջաք, որ չափազանց շատ ժամանակ անցուցած էք հեռատեսիլին առջեւ` դիտելով անվերջանալի հաղորդումներ:
- Դուք կը զղջաք, որ ձեր կեանքին մէջ առաջնայնութիւնը տուած էք հասարակական ցանցերու վերացական աշխարհին` գլխովին խորասուզուելով Ձեր եւ Ձեր ծանօթներու մասին սխալ պատկերացումներու խաղին մէջ:
- Դուք կը զղջաք, որ առողջ ապրելակերպ չէք վարած` թոյլ տալով Ձեր սովորոյթներուն վերահսկելու Ձեզի:
- Դուք կը զղջաք, որ քիչ տեսած էք ու գնահատած այս աշխարհի իրական գեղեցկութիւնը` Ձեր կեանքը շտապելով եւ անհարկի սէթեւեթելով:
- Դուք կը զղջաք, որ քիչ հաւատացած էք եւ չէք ձգտած աւելի շատ, մեծ ու համաշխարհային բաներ գիտնալու:
- Դուք կը զղջաք, որ հազուադէպ դիմաւորած էք արեւածագը ու հետեւած անոր մայր մտնելուն` Ձեզ արդարացնելով ամենատարբեր կարեւոր ու անյետաձգելի գործերու եւ խնդիրներու առկայութեամբ:
- Դուք կը զղջաք, որ չափազանց վախցած, կծկուած, լուրջ եղած էք ու աշխատած էք համապատասխանել ճիշդի, արժանիի ու յաջողակի մասին եղած վարքագիծի համընդհանուր չափանիշներուն:
- Դուք կը զղջաք այն բանի համար, որ չափազանց շուտ էք հասունացել ու արգելել էք ինքներդ ձեզ երբեմն երեխայ լինել` թէկուզեւ 40 տարեկանում:
- Դուք կը զղջաք, որ քիչ ընկերութիւն ըրած էք, չէք գնահատած ձեր ընկերներն ու շատ ժամանակ միասին չէք անցուցած:
- Դուք կը զղջաք, որ չափէն աւելի նեղացկոտ, յիշաչար, չար ու կասկածամիտ եղած էք:
- Դուք կը զղջաք, որ քիչ շփուած էք ձեր ընտանիքի, զաւակներու, բարեկամներու, հետ, շատ վիճած էք ու բարկացած անոնց վրայ:
- Դուք կը զղջաք, որ քիչ ծիծաղած էք, ուրախացած ու զուարճացած:
- Դուք կը զղջաք, որ չափազանց ցաւագին ընդունած էք այլ մարդոց արարքներն ու խօսքերը:
- Դուք կը զղջաք, որ չէք զարգացուցած ձեր տաղանդն ու մոռցած էք մանկական երազանքներու եւ հետաքրքրութիւններու մասին:
- Դուք կը զղջաք, որ քիչ ճամբորդած էք ու քիչ ճանչցած էք աշխարհը:
- Դուք կը զղջաք, որ շատ վախցած էք:
- Դուք կը զղջաք, որ կասկածած ու թերագնահատած էք Ձեզի, շատ բաներ չէք համարձակած ընել:
- Դուք կը զղջաք, որ խենթ արարքներ չէք ըրած, մարտահրաւէր չէք նետած հանգամանքներուն, աշխարհին, չէք պայքարած ու թեւաթափ եղած էք: Ձեզի թոյլ տուած էք հեռանալու եւ լռելու:
- Դուք կը զղջաք, որ նիւթապաշտ եղած էք, որ շատ ուժ, եռանդ ու առողջութիւն վատնած է նորոյթին հետեւելով:
- Դուք կը զղջաք, որ չէք ըսած գլխաւորը: