
ԱՀ Կառավարութիւնն ու ՀՕՄ-ը Պայմանագիր Ստորագրած Են
Օգոստոս 8-ին Հայ օգնութեան միութեան Արցախի միաւորին եւ «Շտիգեն» ՍՊԸ ընկերութեան միջեւ կնքուած է պայմանագիր՝ Արցախի շարք մը համայնքներու մէջ արեւային ջրատաքացուցիչներու տեղադրման նպատակով:
«Ապառաժ»-ի տեղեկութիւններով՝ այդ պայմանագիրը Օգոստոս 9-ին ստորագրած է նաեւ ԱՀ կառավարութիւնը: Անիկա ստորագրած են Հայ օգնության միութեան Արցախի միաւորի վարչութեան ատենապետ Լիլիթ Մարտիրոսեանն ու ԱՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան ուժանիւթի բաժնի պետ Արմէն Մեժլումեանը:

Ըստ Ա. Մեժլումեանի՝ եռակողմ պայմանագրով կը նախատեսուի կազ չունեցող համայքներուն մէջ տեղադրել արեւային ջրատաքացուցիչ, որուն արժէքին կէսը պիտի տրամադրէ ՀՕՄ-ը, իսկ միւս կէսը՝ օգնութեան տեսքով՝ պիտի տրամադրուի ԱՀ Կառավարութեան կողմէ:
Ան նշած է, որ մատակարար ընկերութեան եւ շահառուներու ընտրութիւնը վերապահուած էր ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորին: